Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի հետ երէկ հանդիպում ունեցած է կամաւորականներու հետ: Նախագահը յայտնած է, որ զօրքը հիււսիսային հատուածին մէջ յաջողութիւններ արձանագրած է, ու հաւաքուածներուն պատմած է Հաթերքի գումարտակի հրամանատարին հետ իր զրոյցի մասին, որուն մէջ խօսած են նաեւ Մռաւի սարերուն մէջ տիրող իրավիճակին մասին:

Արայիկ Յարութիւնեան վստահեցուցած է, որ պէտք է գիտակցինք, որ մեր կեանքէն կախուած է մեր ապագան, մեր սերունդներու ապագան, սերունդներու՝ Արցախի հողին մէջ ապրելու իրաւունքը ու արժանապատուութիւնը:

«Կ’ուզեմ համոզուած ըլլաք, որ մենք կանգնած ենք մինչեւ վերջ: Ժողովո՛ւրդ, մենք պիտի չխնդրենք զինադադար: Սա բոլորս պիտի իմանանք: Մենք պիտի պարտադրե՛նք զինադադար: Եթե մենք խնդրենք զինադադար, ատիկա պիտի ըլլայ Հայաստանի վախճանը, ոչ թէ Արցախի, որովհետեւ կը կռուինք ոչ թէ Ազրպէյճանի դէմ, դուք կը տեսնէք, Թուրքիոյ դէմ: Իսկ Թուրքիոյ համար հետաքրքրական չէ Արցախը, Ճապրայիլը, Լաչինը, Հորատիզը: Թուրքիոյ համար հետաքրքրական է Հայաստան աշխարհը, ամբողջութեամբ՝ իր համաթուրանական ծրագիրները իրականացնելու առումով: Ատոր համար բոլորս պիտի հասկնանք՝ մեր կեանքէն, մեր քայլէն, մեր ապրելու իրաւունքէն կախուած է մեր ապագան: Առաջին հերթին՝ ապրելու իրաւունքէն: Եւ պիտի փորձենք ապրիլ», ըսած է նախագահ Յարութիւնեան: