Ֆրանսահայ համայնքը Ֆրանսայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան դիմաց բողոքի ցոյց իրականացուցած է: Ֆրանսայի մէջ հայկական ընկերութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան յայտնեց, որ կ’ուզեն փաստել, որ Ֆրանսայի քաղաքական դասակարգը, հանրային կարծիքը Հայաստանի, Արցախի եւ հայ ժողովուրդին հետ է:

«Արցախի, Հայաստանի դէմ քայլերը միայն Ատրպէյճանի քայլերը չեն: Թուրքիան ոչ միայն իր բանակով, զէնքերով եւ իր մասնագէտներով կ’աջակցի, այլ նաեւ իր շունչով, Էրտողանը կը մղէ, որ շարունակէ պատերազմը Հայաստանի, Արցախի դէմ, որպէսզի գրաւէ հարաւը, որպէսզի կատարուի թրքական ցանկութիւնը», ըսաւ ան:

Ան դիտել տուաւ, որ իրենք նախատեսած են օգնութիւն ցուցաբերել հայկական բանակին, աշխատած են պետութեան հետ:

Անդրադառնալով Ֆրանսայի դիրքորոշումով ստեղծուած իրավիճակին մասին, Մուրատ Փափազեան ըսաւ. «Ֆրանսան կը հաստատէ, որ փրոհայկական է եւ չ’ընդունիր, որ Ատրպէյճանը այդ ձեւով յարձակի Հայաստանին վրայ, ոչ միայն Արցախին վրայ: Հայաստանը ՄԱԿ-ի կողմէն ճանչցուած երկիր է,  արդէն տարբեր բան է: Մենք կը պահանջենք, որ միջազգային հանրութիւնը դատապարտէ եւ պատժէ Ատրպէյճանը»: