«Երկիր».-ԵԱՀԿ Մշտական խորհուրդը յատուկ նիստով քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը եւ անոր զարգացումը` կառոյցով 2020թ. Ալպանիոյ նախագահութեան շրջանին:

Նիստի սկիզբը, Մշտական խորհուրդը նախագահող դեսպան Իկլի Հասանին կրկին յայտարարած է ԵԱՀԿ նախագահողի տագնապի մասին, որ կապուած է տեղւոյն իրավիճակի վատթարացման եւ շարունակուող բախումներուն հետ: Մտահոգուած ըլլալով զոհերու թիւի աճով, ան կրկնած է ԵԱՀԿ նախագահութեան կոչը` անյապաղօրէն կասեցնել իրավիճակը եւ ցաւակցութիւն յայտնած է զոհուածներու ընտանիքներուն ու հարազատներուն:

Ճեպազրոյցի ընթացքին, ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասպշիքը յայտարարած է, որ ինք տեղեկատուութիւն  ստացած է անմիջապէս տեղւոյն  զրուցակիցներէն` ամենաբարձր մակարդակով: Դեսպան ըսած է, որ մշտական կապի մէջ է կողմերու հետ, եւ յայտնած է, որ իր խումբը պատրաստ է վերսկսելու դաշտային դիտարկումը, երբ իրավիճակը թոյլ կու տայ:

Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներու` Ֆրանսայի, Ռուսիոյ Դաշնութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչները կրկնած են համանախագահներու կոչը ուղղուած բոլոր կողմերուն` անյապաղօրէն դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները եւ վերսկսելու բանակցութիւնները` հակամարտութեան կայուն կարգաւորում գտնելու համար:

ԵԱՀԿ-ի Ալպանիոյ նախագահութիւնը կրկին յայտարարած է բանակցային լուծման կարեւորութեան եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու եւ դեսպան Քասպշիքի աշխատանքներուն աջակցութեան մասին` տեղւոյն իրավիճակի կայունացման ուղղուած իրենց ջանքերով: