«Երկիր».- ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան դիմատետրի իր էջով գրած է, որ «ՀՅԴ գումարտակի 2֊րդ վաշտը կը պատրաստուի Արցախ մեկնելու»: Ան հրապարակած է ՀՅԴ կամաւորներու զինուորական վարժանքները ներկայացնող լուսանկարներ:

Յիշեցնենք` Արցախի սահմանի ողջ երկայնքով 27 Սեպտեմբերի վաղ առաւօտեան սկսած ատրպէյճանական յարձակումէն անմիջապէս ետք ՀՅԴ֊ն զօրաշարժի ենթարկեց կամաւորական ուժերը: Նոյն օրը երեկոյեան Արցախ մեկնեցաւ ՀՅԴ կամաւորական առաջին վաշտը: