«Երկիր».- Պաշտպանութեան Նախարարութեան խօսնակ Շուշան Ստեփանեան 1 Հոկտեմբերին դիմատետրի իր էջին գրած է, որ առաջնագիծի ամբողջ երկայնքով տարբեր մասնակցութեամբ  հրետանային մարտեր կ’ընթանան:

«Ռազմաճակատի մէջ նախաձեռնութիւնը հայկական զինեալ ուժերու ձեռքն է․ հակառակորդի կրակակէտերը ճնշուած են», յայտնած է ան: