«Երկիր».-Ռազմական փորձագիտական լաւատեղեակ աղբիւրի գնահատականներով` Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի կողմէն 1 Հոկտեմբերին խոցուած երեք ինքնաթիռներէն երկուքը Սու-25 են, իսկ միւսը` աւելի նոր սերունդի: Խոցուած երրորդ ինքնաթիռի մակնիշը շուտով կը պարզուի:

1 Հոկտեմբերին Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը խոցած է հակառակորդի երեք ինքնաթիռ: Այսպիսով` ՊԲ ուժերու կողմէն խոցուած թշնամական ինքնաթիռներուն թիւը հասած է 4-ի: