Հանդիսապետութեամբ Բերիոյ Հայոց Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդ Արհի. Տէր Պետրոս Սրբ. Արք. Միրիաթեանի, Կիրակի, 27 Սեպտեմբեր 2020-ին, Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յոբելենական-գոհաբանական Ս. պատարագ Տէր Կոմիտաս Տատաղլեանի քահանայութեան 25-ամեայ արծաթեայ յոբելեանին առիթով։

Պատարագին ներկայ էին ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէիսեան, հայ կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչներ, հայ աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեան, հալէպահայ մշակութային, բարեսիրական միութիւններու եւ Հայ Ծերանոցի ներկայացուցիչներ։

Պատարագը սկիզբ առաւ Թափօրով եւ Խորհուրդ Խորհին շարականով։

Օրուան պատարագիչն ու քարոզիչն էր Տէր Կոմիտաս Քհնյ. Տատաղլեան։

Պատարագի ընթացքին Արհի. Տէր Պետրոս Սրբ. Արք. Միրիաթեան բարձր գնահատելով Տէր Կոմիտասին 25-ամեայ բոլորանուէր ծառայութիւնը անոր շնորհեց Աւագ Քահանայի կոչում, ապա նուիրեց լանջախաչ, ծաղկաւոր փիլոն եւ փոխանցեց սրբազան քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ Տէր Կոմիտասին նուիրուած առաքելական օրհնութեան գիրը:

Այս առիթով իր քարոզին մէջ Տէր Կոմիտաս Աւագ Քահանայ Տատաղլեան ըսաւ. «Աղօթք կը բարձրացնեմ առ Աստուած, որ հովուէ եւ զօրացնէ զիս, որպէսզի կարենամ առաւել թափով ծառայել եւ հովուել ինծի վստահուած հօտը։ Շատ գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը այսօր, գոհաբանական այս Ս. Պատարագը կը մատուցենք եւ հայ եկեղեցւոյ Վարագայ Ս. խաչին տօնը կը յիշատակենք։ Տօն մը, որ սերտօրէն կապուած է մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին հետ։ Վարագայ խաչին տօնին յիշատակումը պահ մը մեր հայեացքը կ’ուղղէ այն սրբավայրը՝ Տոսպ գաւառի Վարագայ լերան կողմերը, ուր երեւցաւ Վարագայ խաչը։ Խաչը Քրիստոսով դարձաւ անսպառ սիրոյ արտայայտութիւն: Սէրը միայն վերացական զգացում չէ, այն նաեւ կեանք է ու գործ»: Տէր Կոմիտաս իր քարոզը եզրափակեց ըսելով․ «Ո՜վ Քահանայապետ յաւիտենական, Քեզի կու գամ այս օրհնեալ պահուս, քահանայական Ձեռնադրութեանս 25 տարիները որպէս սիրոյ ծաղկեփունջ  Քու սրբութեանդ խորանին նուիրելու, օրհնեալ Բաժակիդ մէջ անգին Արեանդ հետ խառնելով զայն Քեզի կ՛ընծայեմ ամուր հաւատքով եւ հաստատուն յոյսով (Եւ զՔոյս Ի Քոյոցս քեզ մատուցանեմք…)։ Քուկդ են անոնք դարձեալ։ Քեզի կը մատուցանեմ զանոնք իմ ձեռքերովս, եւ կը խնդրեմ որ օրհնես, հովանաւորես եւ արգասաբեր դարձնես հոգեւոր ծառայութեանս գալիք տարիները, որպէսզի դէպի Քեզ առաջնորդեմ ինծի յանձնուած Քու ոչխարները»:

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ենք հաւատացեալ ժողովուրդը ուղղուեցաւ Աղաճանեան սրահ, ուր օր. Սալբի Գասպարեան ընթերցեց արժանապատիւ Տէր Կոմիտաս Աւագ Քահանայ Տատաղլեանի կենսագրականն ու դերը հայ կաթողիկէ համայնքի եկեղեցական եւ մշակութային կեանքին մէջ։

Ապա Գերապայծառն ու Տէր Կոմիտասը շնորհաւորութիւններ ընդունեցին եւ հատեցին այս առիթով պատրաստուած կարկանդակը։

Այնուհետեւ, եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ մտերմիկ հանդիպում մը, ուր ներկայ եղաւ նաեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան։ Սրբազան հայրը շնորհաւորելով Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեանը եւ Տէր Կոմիտաս Աւագ Քահանայ Տատաղլեանը, դիտել տուաւ, որ մեր եկեղեցիները մէկ են, իսկ զոյգ համայնքներու գործակցութիւնը կը շարունակուի յանուն մեր ժողովուրդին եւ հայ եկեղեցւոյ։

Վեհան Պարսումեան