Չորեքշաբթի, 30 Սեպտեմբեր 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութեան տուեալներով Սուրիոյ վարժարաններուն մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուած 41 պարագաներ յայտնաբերուեցան։

Դպրոցական առողջապահութեան տնօրէնութիւնը յայտնեց, որ վարակուածներուն մեծամասնութիւնը՝ 17 վարակուած,   արձանագրուած է Դամասկոսի արուարձանին մէջ, մինչդեռ Թարթուսի մէջ՝ 4, Սուէյտայի մէջ՝ 2, Հալէպի մէջ՝ 4, Համայի մէջ՝ 2, Հոմսի մէջ՝  5, իսկ Քունէյթրայի մէջ 6 աշակերտ։