Դամասկոս,ՍԱՆԱ.- Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը այսօր հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ մը, յայտնելով իր ափսոսանքը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բախումներու սաստկացման գծով եւ զգուշացնելով Թուրքիոյ տագնապին անողոք միջամտութենէն, որ կը նպատակադրէ թրքական ծրագիրին իրականացման՝ մէկէ աւելի աշխարհագրական շրջաններու մէջ անկայունութեան հաստատման։

Նախարարութիւնը իր ցաւակցութիւնը յայտնեց երկու կողմերու զոհերու եւ վիրաւորներու ընտանիքներուն եւ կոչ ուղղեց կողմերուն վերադառնալու բանակցութեան սեղան։

Եզրափակելով իր յայտարարութիւնը նախարարութիւնը յայտնեց. «Սուրիան կը զգուշացնէ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը թրքական ծուղակին մէջ իյնալէ եւ կոչ կ՚ուղղէ անսալու հայկական կողմին տագնապը բանակցութիւններով լուծելու ճիգերուն»։