Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը կը շարունակեն անխնայ հրետակոծել Ստեփանակերտի խաղաղ բնակչութիւնը: Այս առնչութեամբ ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնած է.«Այս պահուն կրկին Ստեփանակերտի մէջ թիրախաւորուած են քաղաքացիական առարկաները»
Ատրպէյճանի հրաձգութիւննեը հարուածած են նաեւ ռազմաճակատէն լուրեր հաղորդող միջազգային լրատուութիւնը: ՀՀ Արտագին Գործոց Նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ.« Ատրպէյճանի կողմէ ձեւաւորուած են յատուկ խումբեր, որոնց առաջադրանք տրուած է` հետեւիլ լրագրողներու շարժումին, թիրախաւորել եւ կարելի եղածին չափ շատ վնաս հասցնել մարտական գործողութիւնները լուսաբանող լրագրողներուն: Լրագրողական խումբերուն թիրախային հարուածներ հասցնելու համար հակառակորդը կողմնորոշած է լրագրողներուն` ռազմական գործողութիւնները հեռարձակուող տեսանիւթերով եւ ուղիղ եթերներով:
Նկատի առնելով ստեղծուած իրավիճակը, լրագրողներուն, յատկապէս օտարերկրեայ քաղաքացիները, ֆիզիքական անվտանգութիւնը եւ կեանքի իրական ուղիղ սպառնալիքը` որոշում առնուած է անոնց ժամանակաւոր տեղափոխել տեղեկատուական նոր կեդրոն, որ կը գտնուի ապահով վայրի մէջ»:
Տիրող կացութեան մէջ ԱՀ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան քանիցս զգուշացուցած է Ատրպէյճանի ահաբեկչական բանակը, որ կասեցնէ Ստեփանակերտի վրայ թիրախաւորումը, ապա թէ հայոց բանակը պատրաստ է արժանի հարուածը տալու: ԱՀ նախագահը կ’ըսէ.«Հակառակ բազմաթիւ նախազգուշացումներուն` Ատրպէյճանի ահաբեկչական բանակը կը շարունակէ թիրախաւորել Ստեփանակերտի խաղաղ բնակչութիւնը` օգտագործելով Փոլոնեզ եւ Սմերչ համակարգեր:
Ատրպէյճանի մեծ քաղաքներու մէջ մշտապէս հաստատուած զինուորական խոշոր առարկաները այսուհետեւ դարձան պաշտպանութեան բանակի թիրախները: Ատրպէյճանի բնակչութեան կոչ կ’ուղղեմ արագ լքել այդ քաղաքները` կարելի եղածին չափ կորուստներէն խուսափելու համար:
Այս ամէնուն ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը»: