Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի այն յայտարարութիւնը, թէ Մատաղիսը կը գտնուի իրենց վերահսկողութեան ներքեւ, իրականութեան չի համապատասխաներ:

Արցախի պաշտպանութեան բանակի լրատուական ծառայութիւնը տարածած է տեսանիւթ, որուն մէջ ցուցադրուած է հակառակորդի շարասիւնին խոցումը Մատաղիս տանող ճամբուն վրայ:

«Արցախա-ատրպէյճանական հակամարտութեան գոտիին ողջ երկայնքով մարտական գործողութիւնները կը շարունակուին: Առաւել յամառ մարտեր կ՚ընթանան հիւսիսային և հարաւային ուղղութիւններով: Հակառակորդը անընդհատ կը ձեռնարկէ յարձակման փորձեր, որոնք կը մատնուին անյաջողութեան ՊԲ ստորաբաժանումներու վճռական գործողութիւններուն արդիւնքով:

Ատրպէյճանական կողմին պնդումները այն մասին, որ իբրեի թէ Մատաղիսը կը գտնուի իրենց վերահսկողութեան ներքեւ, իրականութեան չի համապատասխաներ: Տեսանիւթին մէջ ցուցադրուած է հակառակորդի շարասիւնին խոցումը տեղի կ՚ունենայ Մատաղիս տանող ճամբուն վրայ», յայտնած է ՊԲ-ը: