ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամուլի քարտուղար Շուշան Ստեփանեան դիմատետրի  իր էջին վրայ գրած է.

«ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը պաշտօնապէս կը տեղեկացնէ, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան յայտարարութիւնները, թէ, իբր, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն յարձակում  իրականացուած է Մինգեչաուրի ուղղութեամբ, հերթական կեղծիք է:

Հայաստանէն Ատրպէյճանի ուղղութեամբ որեւէ ձեւով կրակ չէ բացուած: Սա ատրպէյճանական կողմի յուսահատական ջղաձգումներու հերթական արգասիքն է»: