«Արմէնփրէս».- Արցախի նախագահի մամուլի քարտուղար Վահրամ Պօղոսեան յայտնած է, որ Մինգեչաուրի ուղղութեամբ Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի որեւէ գործողութիւն չէ իրականացուած:

Վահրամ Պօղոսեան շեշտեց, որ ոչ մէկ հարուած ոչ Մինգեչաուրի ՀԷԿ-ի, ոչ ՋԷԿ-ի, ոչ քաղաքի, ոչ ալ ջրամբարի ուղղութեամբ չէ եղած:

«Հարուածելու որեւէ առիթ եւ անհրաժեշտութիւն չենք տեսներ»,ըսաւ  Պօղոսեան: