«Երկիր».-4 Հոկտեմբերին բանակի մարտական կառավարման կեդրոնին մէջ, ԱՀ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հրապարակած է իր հերթական հրամանագիրերը, որոնց համաձայն <<Արցախի հերոս>> բարձրագոյն կոչումին արժանացած են փոխգնդապետ Դաւիթ Վանիկի Ղազարեան (յետմահու), գնդապետ Սերկէյ Սլաւի Շաքարեան, աւագ սերժանտ Իւրա Հայկարամի Ալաւերդեան, սերժանտ Էտկար Եդուարդի Մարկոսեան, շարքային Դաւիթ Լէովայի Գրիգորեան:

Հրամանագիրներու հրապարակման արարողութեան յաջորդած է ԱՀ նախագահի խօսքը, որ ռատիօկապի միջոցով ունկնդրելու կարելիութիւն  ունեցած են ճակատային գիծի բոլոր ուղղութիւններուն մարտնչող զինուորականները: