«Երկիր».-Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը յայտարարութիւն տարածած է.« 4 Հոկտեմբերի օրուան ընթացքին հիւսիսային եւ հարաւային ուղղութիւններով հակառակորդը ձեռնարկած է լայնածաւալ յարձակողական գործողութիւններու:

Մասնաւորապէս` հակառակորդի զրահատանկային ստորաբաժանումներն ու հետեւակը Մատաղիսի ուղղութեամբ ձեռնարկած են յարձակման փորձերու, որոնք հայկական հրետանային ու հակատանկային դիպուկ հարուածներուն հետեւանքով կասեցուած են: Հակառակորդը կրած է զինուորական ճարտարագիտութեան ու կենդանի ուժի զգալի կորուստներ:

ՊԲ ստորաբաժանումները յաջողութեամբ կանխած են նաեւ հարաւային ուղղութեամբ ատրպէյճանական զինեալ ուժի ձեռնարկած բոլոր գրոհները: Հակառակորդը, ջախջախուելով ու մարտադաշտի մէջ  թողելով սպանուած գնդապետի դի, ետ  շպրտուած է: Հարաւային ուղղութեամբ ՊԲ ՀՕՊ միջոցները խոցած են նաեւ 3 ինքնաթիռ:

Փառք հայոց բանակի բոլոր մարտիկներուն: Մենք յաղթելու ենք»: