«Ազատ Օր».-­Յու­նաս­տա­նի նախ­կին վար­չա­պետ եւ ՍԻՐԻԶԱ գլխաւոր ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցու­թեան նա­խա­գահ Ա­լեք­սիս Ցիփրա­սի եւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ներկայացուցիչ ընկ. Սեր­գօ ­Գու­յում­ճեա­նի, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ Դատի Յանձնա­խում­բի ա­տե­նա­պետ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան մի­ջեւ, Ուրբաթ՝ 2 ­Հոկ­տեմ­բեր 2020ի ա­ռա­ւօ­տեան, խորհր­դա­րա­նի շէն­քէն ներս հան­դի­պում տե­ղի ու­նե­ցաւ։ ­Ներ­կայ ե­ղան նաեւ պրն. Ցիփ­րա­սի եր­կու խորհր­դա­կան­ներ։

Խօ­սակ­ցու­թիւն ծա­ւա­լե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի եւ ­Թուր­քիոյ կող­մէ Արցախի դէմ շղթա­յա­զեր­ծո­ւած պա­տե­րազ­մին շուրջ, խա­ղաղ բնակչութեան դէմ ուղ­ղո­ւած ռմբա­կո­ծում­նե­րուն, քա­ղաք­նե­րու ու բնա­կա­վայ­րե­րու թի­րա­խա­ւոր­ման, ինչպէս նաեւ զո­հե­րու ու վիրաւոր­նե­րուն շուրջ տո­ւեալ­ներ փո­խան­ցո­ւե­ցան։ ­Շեշ­տո­ւե­ցաւ Թուրքիոյ ան­մի­ջա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թեան գոր­ծօ­նը, որ զինուորական գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն իր ամ­բող­ջա­կան մասնակցութիւ­նը կը բե­րէ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­քին, նաեւ վարձկաններ գոր­ծա­ծե­լով։

Ընդ­հա­նուր զրոյց ծա­ւա­լե­ցաւ նաեւ ­Ռու­սիոյ, Եւ­րո­պա­յի եւ այլ երկիր­նե­րու որ­դեգ­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան շուրջ, յատ­կա­պէս շեշտե­լով ­Յու­նաս­տա­նի պա­րա­գան, որ ինք եւս ճա­շա­կած է թրքական լա­րո­ւա­ծու­թիւնն ու ծա­ւա­լա­պաշ­տա­կան ճնշում­նե­րը։ Ալեք­սիս ­Ցիփ­րաս վստա­հե­ցուց հայ ժո­ղո­վուր­դին հան­դէպ զօրակցա­կան իր զգա­ցում­նե­րուն մա­սին, նշե­լով, որ Ատրպէյ­ճա­նի յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան զոհն է, եւ իր վճռա­կան հա­կա­ռա­կու­թիւ­նը ար­տա­յայ­տեց՝ հա­կա­մար­տու­թեան մէջ եր­րորդ կող­մե­րու ներգրաւման գծով, նե­րա­ռեալ ­Թուր­քիոյ։