Երեքշաբթի, 6 Հոկտեմբեր 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ արեւելեան Համայի անապատային բաժինին մէջ սուրիական բանակին եւ ՏԱՀԵՇ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն միջեւ բուռն մարտեր տեղի ունեցան:
«Սփութնիք» լրատու գործակալութեան զինուորական աղբիւր մը հաստատեց, որ զինեալ ահաբեկիչները յարձակում գործեցին  Համայի արեւելեան արուարձանի Թույէնան, Ֆասիտա եւ Թանահեճ գիւղերուն մէջ սուրիական բանակին կեդրոններուն վրայ, սակայն սուրիական բանակը դիմադրեց  եւ սկսաւ հրթիռակոծել անոնց կեդրոնները, որուն հետեւանքով ահաբեկիչներէն ոմանք սպանուեցան, ոմանք վիրաւորուեցան, ուրիշներ քաշուեցան դէպի Համայի անապատը, որ աշխարհագրական տուեալներով կցուած է Ռաքքայի եւ Հոմսի անապատներուն:
Աղբիւրը աւելցուց, որ սուրիական պատերազմական օդանաւերը հրթիռակոծեցին ահաբեկիչներուն կայք հաստատած Հոմսի արեւելեան անապատի Թանաֆ շրջանի կեդրոնները: