Այս Շաբաթ օր, հայկական օրացոյցի էջին վրայ արձանագրուած է «Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետացն»: Ուստի տօն է: Մեծ եւ նշանակալի:
Եւ որովհետեւ ազգային մեր բոլոր տօներն ու աւանդութիւնները մեզի համար պատմութեան յուշարարներ ըլլալով մէկտեղ, նաեւ մեր միտքերը լուսաւորող եւ ոգեւորող ազդակներ են, ուստի իբրեւ պատմական դարաւոր ժառանգութիւն, մեր թարգմանիչներուն նուիրուած այս օրը կամ տօնը յիշատակելը մեծապէս կը նպաստէ մեր լեզուին, մեր գիրին ու մեր գրականութեան վերագնահատման ու միաժամանակ իբրեւ լաւագոյն ազդակ-միջոց մեզ հաղորդակից կը դարձնէ մեր մշակոյթին:
Ամէն տարի, Հոկտեմբեր ամսու երկրորդ շաբթուան մէջ, աշխարհով մէկ յատուկ տօնակատարութեամբ, աղօթքներով, պատգամներով եւ շարականներով կը յիշատակենք, եւ կը վերարժեւորենք Սուրբ Մեսրոպի եւ անոր աշակերտներուն թարգմանական այն հսկայ գործ-աշխատանքները, որոնց շնորհիւ Աստուած մեզի հետ առաջին անգամ ըլլալով մեր մայրենի լեզուով, մեր հայերէնով սկսաւ խօսիլ: Աւելին՝ տակաւին կրնանք աւելցնել, որ Աստուած եւ մենք, իրարու շատ մօտեցանք եւ սկսանք հայերէնով հաղորդակցիլ:
Անկասկած, որ ներկայ շարադրուած խօսքերն ու պարբերութիւնները բոլորովին նորութիւններ չեն բոլոր մեր հաւատարիմ ընթերցողներուն եւ յատկապէս հայ մամուլի հետեւողներուն համար:
Բայց եւ այնպէս կը կարծեմ, որ նման յիշատակումներ լաւագոյն առիթ ալ են, որ անգամ մը եւս մեր լեզուն արժեւորենք, ու մեր յատուկ բոլոր ազդակներով փորձենք հաղորդակից դարձնել բոլոր անոնց, որոնց ականջները նոյնիսկ այս օրերուն խլացած կ’երեւին: Ու կրկնութեան գնով կուզենք շեփորել, որ շնորհիւ Մեսրոպ Մաշտոց համեստ եւ իմաստուն վարդապետին, մեր մայրենի լեզուն մեր ժողովուրդին համար արարչական մեծ պարգեւ մը դարձաւ:
Ապա գիտենք, թէ նոյն այս վարդապետը, հայերէն տառերու իր գիւտէն ետք, վերադարձած էր Հայաստան եւ Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսի հետ միատեղ եւ միախորհուրդ, աշակերտներ հաւաքելով, անոնց ոչ միայն սորվեցուցած էր հայերէն նոր տառերը, այլեւ՝ Աստուածաշունչը թարգմանելու պարտականութիւնն ալ տուած:
Արդ, հաւանաբար լաւատեղեակ ալ էք, թէ ո՞րն էր սուրբ Գիրքէն հայերէնի թարգմանուած առաջին նախադասութիւնը եւ որքանո՞վ որակաւորուած էր այս թարգմանութիւնը եւ գնահատուած եւ որոնց իբրեւ արդար արդիւնք՝ թարգմանիչներու ապրած դարը անուանուեցաւ Ոսկեդար: Ու մնացեալը՝ հայոց պատմութիւն է:
Այս բոլորին մէջ ի յայտ կու գայ այն բացառիկ ճշմարտութիւնը, որ Սուրբ Մեսրոպ հնարելով հայերէն տառերը, հիմնովին կը փոխէր մեր ազգային դիմագիծը: Եւ տակաւին քիչ անց, Իր ստեղծագործ մտքին շնորհիւ էր, որ Իր աշակերտներուն հետ Ան հայ եկեղեցւոյ լեզուն դարձուց գրական լեզու ու Ինք ըլլալով մեր կեանքի առաջին ուսուցիչը, իր աշակերտները որակեց  առաջին թարգմանիչներ:
Անկախ այս բոլորէն, գիտենք որ ժողովուրդի մը գոյատեւման որոշիչ դերը կը կատարէ այդ ժողովուրդի լեզուն: Նաեւ ըսենք, որ կրթական ասպարէզ ու կեանք գոյութիւն ունին գրեթէ բոլոր ազգերու մօտ, սակայն հայոց պատմութեան դէպքերը ցոյց կու տան, որ հայութիւնը դարերու ընթացքին միշտ գիտակցօրէն եւ գուրգուրանքով մօտեցած է իր լեզուին: Տեղին է, հպարտօրէն արձանագրել, որ հազարամեակներու ընթացքին, մենք նոյնիսկ կրթած ենք մեզ շրջապատող ազգերը, միաժամանակ օգտուած ենք անոնց ստեղծագործութիւններէն: Այսպէս, շատ մը ժողովուրդներ, մեր լեզուին միջոցով, վերագտած են պատմութեան ծալքերուն մէջ իրենց լեզուին կորսնցուցածը: Սա կը նշանակէ, որ մեր լեզուն միայն մերը չէ եղած, այլ ամբողջ աշխարհինը: Մարդիկ, լեզուաբաններ, լեզուագէտեր, որոնք կը հաստատեն այս ճշմարտութիւնները, մեր լեզուի բառերուն մէջ գտած են այնքան գրաւիչ խորութիւններ, որոնք զարմացուցած են իրենց մտային աշխարհը:
Ու հայերէնը, մեր մայրենին՝ մեզի հետ տառապած եւ խաչուած ալ է: Զոհ դարձած է: Յաճախ կարծուած է, թէ ան մարած կամ սրբուած է: Բայց շնորհիւ Սուրբ Մեսրոպի բանակի անսակարկ ծառայողներուն, ան միշտ արեւու նման դարձեալ ծագած է հայոց հոգիներուն վրայ ու մտքերուն մէջ եւ մայրական գորովով յայտնուած՝ զինք փնտռող զաւակներուն:
Այսպէս էր երէկ եւ այսպէս է ան ե՛ւ այսօր, ե՛ւ վաղը: Անոր համար հայ գրականութիւնը միշտ իր ճամբան շարունակած է, հետեւելով հայեցի մեր դիմագիծին, մեր ժառանգած արեան հոսքին եւ սրտի բաբախումին:
Ու այս օրերուն եւ յատկապէս այս տօնին առթիւ կարելի չէ չյիշել Սփիւռքի մէջ մայրենի մեր լեզուին պահպանման զանազան իրավիճակները: Ահա հիմնական մտահոգութիւններ: Այժմէական եւ ժամանակակից: Անոր համար, համարձակութիւնս կապելով տողերուս, հարց կու տամ բոլորին, թէ ներկայիս ո՞ւր է հայ լեզուն իրենց կեանքին մէջ:
Ազգային ցաւեր կամ միայն խոցելի կէտերու մատնանշումներ չեն այս բառերը: Այլ պարզապէս ինծի նման օտար միջավայրի մէջ տագնապողներու մտավախութենէն ծնունդ առած կէտեր, որոնք նաեւ ունին ներքին հոգածութիւն, ազգային ալեկոծութիւններով եւ երազանքներով լի: Մէկ խօսքով, հայասիրտ տրոփումներ, որոնց նպատակն ալ է, մեր նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն, պատանիներուն եւ երիտասարդներուն որոշ չափով հաղորդակից դարձնել, ճանչնալ տալ եւ արժեւորել մեր մայրենին, ու անոր գործածութիւնը, որ իր կարգին ունի զարմանալիօրէն եւ աներեւակայելի իրողութիւններ, եւ իր ծալքերուն խորութիւններ, որոնք մեր հազարամեակները կը կապեն մեզ ապագայ տանող մշտնջենական լոյսին հետ:
Այլ խօսքով, նպատակն է բոլորին մօտ մեր լեզուի նկատմամբ սէր արթնցնել: Խօսիլ, կարդալ եւ խօսեցնել տալ: Պարզօրէն, առանց զարդարանքի եւ բարդոյթի: Ուստի իւրաքանչիւր հայ, կը կարծենք, որ, պարտաւոր է իր աչքին առջեւ ունենալ Մեսրոպեան հրաշք գիւտն ու անոր շնորհիւ ստեղծուած թարգմանիչներու խումբին խոնջէնքը:
Այս շաբաթ կրկին կ’արժեւորենք հայոց տառերը, հայոց լեզուն ու հայ թարգմանիչները:
Ասոնց շնորհիւ էր, որ մեր պետականութիւնը հիմնուեցաւ: Հայկական պետականութիւն մը, որ կը տարբերի աշխարհի միւս պետութիւններէն: Ազգային լեզու, ազգային պետականութիւն: Ահա մեր գոյատեւման երաշխիքն ու փաստը:
Արդ,  Թարգմանիչներու այս մեծ տօնին առիթով կը կարծեմ, որ անմեղ կանչ մըն էր հրամցուածը, եւ այդ մէկը մեր ինքնութեան հաւատարիմ մնալու կանչն է՝ անկասկած: Որովհետեւ հինգերորդ դարէն ի վեր Աստուած մեզի հետ հայերէն խօսած էր, այն հայերէնով, որուն ճամբան սուրբ թարգմանիչները բացած էին:
Գէորգ Պետիկեան