Եկեղեցական եւ ազգային տօն է Թարգմանչացը: Երախտագիտութեամբ կը յիշենք մեր մեծ ուսուցիչը՝ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցը, իր գործակիցներով եւ աշակերտներով: Գիրերու Գիւտին մասին պարծանքով կը խօսինք: Հաւատքի ախոյեանները փառաւոր շքերթով կը տողանցեն մեր աչքերուն առջեւ: Մտքի լուսաւորութեան համար ծառայող մշակներուն խնկաբեր տօնը իւրաքանչիւր հայու կը վերաբերի, առանց բացառութեան:
Աստուածային բարութիւն եւ սքանչելի յայտնութիւն է Գիրերու Գիւտը: Հայ ժողովուրդը շնորհիւ սրբատառ գիրերուն ունեցաւ եզակի ինքնութիւն, հարուստ գրականութիւն եւ հայախօս Աստուածաշունչ: Օտարանալու հոսանքը եւ այլասերման վտանգը սպառնալիք ըլլալէ դադրեցան, որովհետեւ հայ ժողովուրդին սեփական մշակոյթ ստեղծելու ոսկի առիթը ընծայուեցաւ: Մեսրոպաշունչ այբուբենով կարելի եղաւ թարգմանել Աստուածաշունչ Մատեանը եւ հայացնել հոգեշահ գրական արտադրութիւններ:
Անկիւնադարձային հանգրուան էր 5-րդ դարը: Գիրերու Գիւտը տագնապ ապրող շնորհընկալ մարդոց օրհնաբեր աշխատանքին արդիւնքն էր: Այդ օրերուն եկեղեցւոյ մէջ բերանացի թարգմանութիւնը անբաւարար էր: Անմիջական եւ հարազատ կերպով արտայայտուելու համար սեփական գիրեր ունենալու պահանջք կար: Տեսիլք ունեցող, նպատակ հետապնդող եւ գործի լծուող լուսամիտ եւ պայծառատես հաւատքի վկաները՝ կացութիւնը փրկելու հեռանկարով ընթացան: Արմատական լուծում գտնելու համոզումով առաջնորդուեցան: Ծով համբերութեամբ եւ զոհողութեամբ ելքի ճամբան փնտռելու սկսան: Անոնք ժողովուրդին տառապանքին նկատմամբ ձեռնածալ չմնացին: Անկասկած հայու հանճարեղ հոգին պիտի հռչակէր ուրախալի լուրը: Աստուածային միջամտութեան եւ մարդկային ջանասիրութեան շնորհիւ հրաշակերտ գիրերը դարձան հաստատուն հիմեր, որոնց վրայ պիտի կառուցուէր հայ գրականութիւնը: Եկեղեցին կարօտը եւ կարիքը ունէր հայ գիրերու, որպէսզի քարոզները, ճառերը, սուրբ գրային ընթերցումները եւ ուսուցումները զտարիւն հայկականութիւն ունենային: Այդպէս ալ եղաւ: Մեծաշուք վայելչութեամբ պայծառացաւ եկեղեցւոյ կեանքը: Շուտով թարգմանչական աշխատանքները ծաւալուն վիճակ ստացան, կրօնաշունչ գիրքեր հայերէնի վերածուեցան եւ ուսումնարաններ կառուցուեցան: Օրուան թագաւորին, Հայոց Սահակ  Հայրապետին եւ Ս. Մեսրոպին միջեւ տեղի ունեցած սերտ գործակցութիւնը եւ միասնական ոգին խանդավառող եւ վարակիչ էր: 5-րդ դարը նոր արշալոյսի վկան եղաւ, Ս. Մեսրոպի հետքերով նուիրականացաւ, թարգմանիչ վարդապետներով ոսկիացաւ եւ Աստուածաշունչի թագուհի թարգմանութեամբ սրբազան խորհուրդ եւ խորիմաստ նշանակութիւն ունեցաւ: Գիրերու Գիւտը մշակութային հրաշալիքներու, հոգեմտաւոր ապրումներու եւ անխարդախ հայկականութեամբ ապրելու ներշնչման մշտահոս աղբիւր հանդիսացաւ: Հայ գիրերը մեզի համար անուրանալի կերպով աստուածային հրաշք եղան: Ինչպէս երբ երկրաչափը շէնք կառուցէ միայն իր անունը կը փորագրուի կամ ուշագրաւ տեղ մը կ’արձանագրուի, հակառակ որ բազմաթիւ մարդիկ մասնակից կը դառնան շինարարական աշխատանքին. Այդպէս է նաեւ Գիրերու Գիւտը, աստուածային հեղինակութիւն վայելող դէպքը, որուն «Երկրաչափը» Աստուած ինք է, իսկ «շինարարները» Ս. Մեսրոպ եւ իր գործակիցները: Սաղմոսերգուն կ’ըսէ.
«Եթէ Տէրը չշինէ տունը, զուր տեղ կ’աշխատին անոր շինողները»: (Սղ 127.1) Այո, բանաստեղծին բառերով՝ «Հայ լեզուն տունն է հայուն»: Այդ տան երկրաչափը մեր երկնաւոր Հայրն է, իսկ Իր հովանիին ներքեւ գործող նուիրեալները տունը պահող զինուորները, որոնք յաղթական երթով անցան պատմութեան թատերաբեմէն, սրբադասուեցան եւ դարձան Յիսուսասէր մշակներ եւ հայապահպանման հերոսներ:
Ուստի, միայն մարդկային մտքի ճարտարութեան եւ երկարատեւ փնտռտուքի մը արդիւնքը չէ Գիրերու Գիւտը: Հայ եկեղեցին սրբադասած է Թարգմանչաց Վարդապետները, անոնց կեանքին  մէջ տեսնելով առաքինութիւններուն ներկայութիւնը, Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնը եւ երկնաէջ շնորհքներուն ծաղկիլը: Ահա թէ ինչու շարականներուն մէջ յատուկ տեղ վերապահուած է Թարգմանչաց սերունդին: Անոնք ժամանակաւոր արժէքները մէկդի ձգեցին եւ իրենց կոչումը արժեւորեցին: Կարելի չէ միայն «գիւտարար», «յօրինող» կամ «ուսուցիչ» մակդիրը տալ անոնց, քանզի պատուանունով ճանաչելի ըլլալը մարդկային գնահատանք է, իսկ սրբադասուիլը` աստուածահաճոյ դրոշմով օծուն  ճշմարտութիւն եւ բարոյական վեհ սկզբունքներու խօսուն չափանիշ:
Այսօր, որեւէ ժամանակէ աւելի պարտական ենք հայ գիրերը սիրել եւ պատուել: Հայերէն կարդալ ու գրել: Ճիշդ շարադրել եւ մեր բառամթերքը հարստացնել: Ունինք հարուստ լեզու, բայց աղքատ արտայայտութիւն: Ընելիք մը ունինք վստահաբար:
Ունինք հրաշք լեզու, բայց յաճախ ունինք նաեւ հրաշքը ուրացող եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցին սիրտը խոցող գրութիւն: Հետեւաբար, սորվելիքներ կան:
Ուրեմն, ով հայորդի, աւելի մօտեցիր եւ մտերմացիր հրաշակերտ գիրերուն: Եթէ Այբուբենին սիրականը ըլլաս, պիտի կոչուիս Մեսրոպասէր հաւատաւոր եւ Թարգմանչաց սուրբերուն օրինակով ընթացող ուխտաւոր:
Հոգեւոր ջերմեռանդութեամբ երախտագիտութիւն կը յայտնենք ոսկեդարու կերտիչներուն: Անոնց կտակին տէր կանգնիլը բարոյական պարտք է եւ հայասիրութեան պերճախօս վկայութիւն: Հազար երանի այն հայուն, որ այս մօտեցումը ունի: Ահա այն ատեն պիտի վայելէ բիւր օրհնութիւններ եւ պիտի փոխանցէ իր շրջապատին ամէն օր Թարգմանչաց տօնելու բաց հրաւէր:
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան