Գէթ մասամբ ամբողջացնելու համար Սեւակի գրական վաստակին նուիրուած այս յօդուածաշարը, անդրադառնանք նաեւ անոր արձակին։ «Բժիշկին Գիրքէն Փրցուած էջեր»ը Սեւակի արձակ գործերը կը պարունակէ։ Վաղ տարիքէն, իր առաջին իսկ քերթուածներուն հետ, Սեւակ փորձած է նաեւ արձակ գրել, սակայն հետեւողականօրէն գրել սկսած է, երբ շարքը կը հրատարակուէր «Ազատամարտ»ի1 մէջ։ Խօսուն խորագիրով այս արձակ հատորին մէջ Սեւակ իր բժշկական փորձառութեան ընթացքին տեսած մարդկային ցաւերու մասին կը գրէ։ Շարքը ձեւով մը Սեւակ-բժիշկին օրագրութիւնն է՝ գեղարուեստական շունչով։ Զուիցերական հիւանդանոցի մը մէջ աշխատած միջոցին ան ականատես էր մարդկային ողբերգութիւններու։ Եթէ ուրիշներ սոսկ իբրեւ բժիշկ կը մօտենան իրենց գործին, Սեւակ նաեւ բանաստեղծ էր, որու համար մարմինին հաւասար ու աւելի հետաքրքիր էր մարդկային հոգին, հոն տեղի ունեցող ալեկոծութիւնները։ Այդ տեսանկիւնէն դիտելով ու մարդկային հոգիին նուրբ վերլուծութիւններով՝ այս պատմուածքները խորապէս կը յուզեն ընթերցողը։ Սակայն Սեւակին նպատակը աւելի խոր էր։ Ան կ’ուզէր մարդոց ուշադրութեան յանձնել ընկերութեան մէջ առկայ արատներ, մոլութիւններ ու այլազան սխալ վիճակներ, որոնց հետեւանքները յաճախ հիւանդութիւններ կը ծնին ու ողբերգութեամբ կ’աւարտին ե՛ւ ենթակայի, ե՛ւ իր շրջապատի մարդոց համար։ Ան, իբրեւ բժիշկ, ցնցող ու ահաւոր վիճակներով կը ներկայացնէ հիւանդութիւնները, անոնց ախտանիշները, կը մտնէ մանրամասներու մէջ, առաւել ազդելու ու հետեւանքները ակնառու դարձնելու համար։ Միշտ չէ որ կը յաջողի ստեղծել գեղարուեստօրէն լիարժէք կտորներ ու նման միտում ալ չէ ունեցած։ Անոր նպատակն էր աւելի օգտակար դառնալ, քան թէ գեղարուեստական գործեր ներկայացնել։ Ան համոզիչ փաստացի պատկերներով կը սթափեցնէ տուեալ հիւանդութեան վտանգէն։ Այս իմաստով ալ զանոնք միշտ չէ որ կարելի է կոչել պատմուածքներ. անոնք աւելի պատկերներ են, ինչպէս՝ «Մի՛ շնար», «Կէս խենթը», «Գինովին աղջիկը», «Ցաւին միսը» եւ ուրիշ շատեր։ Սակայն հեղինակային ցաւակից վերաբերմունքը, հոգեվիճակներ վերլուծելու, համոզիչ, չմոռցուող տիպարներ ստեղծելու կարողութիւնը ու երբեմն փայլող գեղարուեստական պատկերներ այս գործը կ’արժեւորեն։ Իզուր չէ որ հատորը բազմիցս վերահրատարակուած է։
Հատորին մէջ Սեւակին նպատակը ընթերցողը կամ հիւանդը սարսափեցնել եւս չէ, ընդհակառակը՝ ան կ’ուզէ յուսահատած մարդու մէջ արթնցնել ապրելու կամքը, կեանքին սէրը, հաւատը իր ուժերուն՝ յաղթահարելու համար անյաղթահարելի թուացողը։ Ծանօթ ու բազմիցս հաստատուած իրողութիւն է, որ լաւ բժիշկը իր հիւանդը կը բուժէ նախ հոգեպէս, անոր լաւատեսութիւն ներշնչելով։ Այսօր, երբ բժշկութիւնը եւս վերածուած է «պիզնէսի», կ’ուզեմ յիշել ծանօթ բժիշկի մը մէկ խօսքը. «Հիւանդս ինծի ըսաւ՝ բժի՛շկ, դուք միայն ժպտացէք, խօսեցէք, կը բաւէ»։ Սեւակ մահուան հետ հաշտուած հիւանդներուն քաջալերելու, անոնց մէջ կամք ներարկելու նպատակով զրոյց-խորհրդածութիւններ ունի նշանաւոր մարդոց կեանքէն, որոնք պայքարած ու յաղթած են մահուան, ինչպէս՝ «Նապոլէոնին Մահը», «Չմեռնելու Համար», «Ապրիլը Յաղթել է», «Ապրելու Կամքը», «Հրաշալի Բժշկութիւն»։
Բնականաբար, Սեւակ կ’անդրադառնայ 19- 20-րդ դարերուն մարդկութիւնը պատուհասող գլխաւոր հիւանդութիւններուն՝ թոքախտ, ֆրանկախտ, քաղցկեղ։ Անոր ուշադրութենէն չեն վրիպիր նաեւ ցաւեր, որոնք մարդկային տգիտութեան, որկրամոլութեան, գինեմոլութեան, նաեւ՝ շահամոլութեան ու այլ մոլութիւներու  հետեւանք են («Մանչերուն Գերեզմանը», «Տէր Ողորմեա», «Գինովին Աղջիկը», «Անիծուած Գանձը» եւ այլն)։
Սեւակի ամէնէն յայտնի ու խորհրդածութիւններով յագեցած պատմուածքներէն է «Գինովին Աղջիկը»։ Առաջին իսկ տողերով գրական պատկերաւորումի տարածուած ձեւերէն՝ հակադրութիւն մը կը ներկայացնէ։ Գարնանային օր մը «գարնանային աղջիկ մը» կը հանդիպի երիտասարդ մարդուն, որ տողեր ետք միայն բժիշկ Սեւակը պիտի դառնայ, իսկ այդ վայրկեանին «երկինքի պաստառներուն պէս կապուտակ աչքեր» ու «Արեւի գոյն մազեր» ունեցող պարմանուհիով հիացող բանաստեղծ-տղամարդն է. «Անոր նայելով մարդ ինքզինք երջանիկ կը զգար ապրելէն, որովհետեւ այդ հասակի աղջիկները երկու տարիներու մէջտեղը՝ գեղեցկութենէ աւելի բան մը ունին իրենց վրայ… Կարելի՞ էր երեւակայել աւելի մեծ մոգութիւն, հրաշք մը, քան այն որ ահա դէմս էր, կը մօտենար, աչքս իր աչքերուն մէջ…»։
Բայց քայլ մը եւս, եւ աղջիկը ճիչ մը արձակելով՝ քարի պէս կ’իյնայ գետնին։ Լուսնոտ էր։ Այնուհետեւ, զուգադիպութեամբ, բժիշկը զայն կը տեսնէ հիւանդանոցը։ Աղջիկը իր ախտաժամուն մարելով կրակի վրայ ինկած, ամբողջ մարմինով խոր այրուածքներ ստացած ու  անգիտակից վիճակի մէջ էր։ Եւ ահա Սեւակ «վիզէն մինչեւ որովայնը բաց վէրք» այդ մարմինին առջեւ խորհրդածութիւն կ’ընէ կեանքի մասին. «Սուրացող շոգեկառքի մը մէջն ես, հազիւ ժամանակ ունիս պատուհանէդ բան մը տեսնելու, այդ տեսածդ չդատած՝ ուրիշ մը կը յաջորդէ անոր, ու հազա՜ր ուրիշներ։ Վարագոյրդ կը գոցես ու քո՜ւ ցաւերուդ վրայ կը խորհիս միայն։ Ու ահա՛ կեանքը. կաթիլ մը արցունք, անցուկը մոռցուկ…»։ 
Գինով հօր մը մոլութեան հետեւանքը կը կրէր դեռատի աղջիկը։ Ապրելու յոյսը նուազագոյն է, իսկ հրաշքի պարագային ծանր հաշմանդամութիւն միայն կը հասնի անոր, համոզուած է բժիշկը։ Այս դժբախտութեան դիմաց ան առաւել լայն ընդհանրացումի կ’երթայ, շեշտելով մարդկութեան կեանքի անհեթեթ դրուածքը. «…մէկ կողմէն կը հաւաքեն ամէնէն առողջ երիտասարդները՝ պատերազմի մէջ հարիւր հազարներով մեռցնելու համար, միւս կողմէն՝ կը ստիպեն որ բժշկութիւնը գերմարդկային ճիգեր թափէ, ապրեցնելու համար տառապագին մսակոյտ մը, որ իր բոլոր ուժովը մա՜հը կը կանչէ»։ Հոս Սեւակ կ’արծարծէ այսօր ալ անլուծելի խնդիր մը, որ կը յուզէ թէ՛ բժիշկները եւ թէ՛ ընդհանրապէս մարդկութիւնը։ Անորոշ ժամանակով անգիտակից, միայն դեղերու շնորհիւ կեանքին կառչած ու մահամերձ հիւանդին առջեւ, որ նոյնիսկ հրաշքով մասամբ բուժուելու պարագային ալ անընդունակ պիտի ըլլայ բնականոն կեանքի, պիտի տառապի ու տառապեցնէ շուրջինները, արդեօ՞ք բժիշկը պէտք է մտնէ պատասխանատուութեան տակ ու ներարկումով մը ընդհատէ անոր կեանքը (տառապանքը)։ Թէ՞ պէտք է յուսալ հաւանական նոր բժշկական գիւտի մը փրկութեան ու չմիջամտել Աստուծոյ գործին։
(Յիշենք, որ 1999-ին, ԱՄՆ, բժիշկ Ճէք Գէորգեանը, որ «Բժիշկ- մահ» անուանումը ստացած էր, դատապարտուեցաւ 10-25 տարուան ազատազրկումի, քանի որ իր ստեղծած սարքով մը անյոյս հիւանդներուն կ’օգնէր անձնասպան ըլլալ (բժշկական եզրով՝ էֆտանզիա-Eftanzia)։ Այդ դատավարութիւնը այն օրերուն մեծ աղմուկ հանեց։ Ան բանտէն ելաւ 2007-ին, իրեն մասին ֆիլմ  նկարահանուեցաւ՝ «Դուն չես գիտեր Ճէքը» (You Don’t Know Jack», ուր բժիշկին դերը  կատարեց նշանաւոր Ալ Փաչինոն)։
Ամբողջ գիշեր աղջկան ճիչերու եւ հեծեծանքներուն տակ՝ Սեւակ-բժիշկը մտատանջութեան մէջ էր անոր ներկայ ու ապագայ տառապանքը կասեցնելու վերոնշեալ միտքով։ Նոյն տագնապն ու երկմտանքն ունէր նաեւ սրտցաւ ու փորձառու բուժ-քոյրը, տիպար, զոր հեղինակը պատահմամբ չէ ստեղծած։ Առտու աղջիկը կեանքին կապող միակ առողջ երակը կտրուած էր։ Ու Սեւակ առկախ կը ձգէ  աւարտը, զմեզ եւս առիթ տալով այդ հարցին շուրջ մտորելու. «Կասկածո՜վ իր թեւը վերցուցի. այն մերկ երակը փրթեր էր…փրթա՞ծ, թէ՞ փրցուած…»։
Ուսանողութեան տարիներուն ու ետքն ալ ապրելով Եւրոպա՝ Սեւակին բարոյական ըմբռնումները կը կազմուին, իսկ բժշկութիւն ուսանելով՝ ան քաջածանօթ էր մարդ արարածի բնախօսութեան։ «Վեցերորդ զգայարանք» ակնարկին մէջ ան մարդու վեցերորդ ու շատ կարեւոր զգայարանքը կը նկատէ «Սիրելիք»ը ու իր ելակէտը կ’ամբողջացնէ «առողջ սէր, առողջ սեռ» բանաձեւով։ Այս նիւթին կ’անդրադառնայ բազմիցս, նպատակ ունենալով արեւելեան տգիտութեան ու «ամօթ»ի աղետաբեր կաշկանդումներէն առողջացնել մարդիկը։ Ան ուղղակի թելադրանքներով եւ օրինակներով կը հաստատէ, թէ սեռային յարաբերութեան մասին անհրաժեշտ գիտելիքի չիմացութիւնը ընտանեկան դժբախտութիւններու դուռ կրնայ բանալ, պատանի տարիքին այդ ուղղութեամբ գէթ նուազագոյն պարզաբանութիւն չստացող երիտասարդը կրնայ հոգեկան ու ֆիզիքական շեղումներ ունենալ։ Այս երեւոյթին մէկ երեսն է աղջիկներու վաղ ամուսնութիւնը, յատկապէս զոյգի տարիքային մեծ տարբերութեամբ ու սիրոյ բացակայութեամբ։ «Անիծուած Գանձը», «Մեղքին Պտուղը», «Մանչերուն Գերեզմանը», «Մեռելի Մը Նամակը» պատմուածքներու մէջ, տարբեր դիտանկիւններէ, միշտ առանցքայինը սիրոյ ու սեռին հարցերն են։ Ընթերցողին համար հետաքրքրական կամ յուզիչ են ոչ միայն նկարագրուած դէպքերը, այլ մանաւանդ հեղինակին խորհրդածութիւնները, գիտական բացատրութիւններն ու զգացական վերաբերմունքը։
«Մեղքին Պպտուղ»ին մէջ գաղտնի սիրով տղու մը կապուած ու յղիացած աղջկայ ցնցող պատմութիւնն է։ «Ամօթ»ը պարտկելու համար պառաւ տատմերը կը ճանկռտէ աղջկան արգանդը, արդէն հասուն պտուղը վիժեցնելու։ Բժիշկին այլ բան չէր մնար, քան զայրոյթով ըսել, թէ որքա՜ն միամիտ աղջիկներ կը խաբուին ու անոնց «մեղքին պտուղները» կոյուղիները կը նետուին, բժիշկներու սրուակներու մէջ կը պահուին։ Ու դեռ այդ զոհերը որքա՜ն բախտաւոր են բաղդատմամբ անոնց, որոնց մայրերը «…հրէշներ կը հասցնեն բժշկական վաճառականութեան համար…։ Օր մը պիտի գայ, որ մարդկութիւնը պիտի ըմբռնէ, թէ մեղքի տղայ չկայ. ամէն տղայ որ կը ծնի, օրհնեա՜ լ է, ու նորածին երեխայ մը աւելի կ’արժէ քան իր ծնողը…»։ Ու կը խորհիս, թէ այսօր ալ ոճրագործ մարդկութիւնը, գիտնալով հանդերձ, անտարբեր կը մնայ մանկապղծութեան, վաճառքի եւ բժշկական նպատակներով անոնց օրկանները օգտագործելու հրէշային  երեւոյթներուն հանդէպ։ Քայլ մը յառաջ գացա՞ծ է մարդը։
«Անիծուած Գանձը» ակամայ ամուսնացուած, թոքախտէ մեռնող, սակայն տակաւին սէր տենչացող մանկամարդ հայուհիին մասին է։ Ան ոչ մէկ սէր ունեցած է կամ ունի ամուսինին հանդէպ։ Ամուսինն ալ իր կարգին, հարուստ աղջիկ առած է ու հիմա կնոջ մահը կը սպասէ, անոր «խոշոր գանձ»ին տիրանալու համար։ Հոս եւս Սեւակ, ինչպէս միշտ, ոչ թէ մարդու մէջ հիւանդը կը տեսնէ, ինչպէս կ’ընեն բժիշկներու մեծամասնութիւնը, այլ հիւանդին մէջ՝ մարդը, ու անոր հոգեկան տագնապները կը դառնան զինք հետաքրքրողը։ Հոս է որ ան բացարձակ ճշմարտութիւն մը կը հաստատէ. «Վա՜յ մարմինի բժիշկին, որ հոգիէն չի հասկնար։ Ի՜նչ հոգեկան ցաւեր կան, որ հիւանդին ցաւերը կը բիւրապատկեն, կը թունաւորեն, մահացու կը դարձնեն, այլեւ կը բացատրեն ցաւերը»։
«Վեցերորդ զգայարանք»ը աւելի բժշկագիտական յօդուած, դասախօսութիւն, թելադրանք կարելի է սեպել, որ, սակայն, նոյն ատեն ձօն է մարդկային «մաքուր, առողջ, բնական սիրոյ»։ Բժիշկ Սեւակ համարձակօրէն ձեռնոց կը նետէ սիրոյ ու սեռային կեանքի կապուած նախապաշարումներու, կեղծ բարոյականութեան ու տգիտութեան հետեւանքով «ամօթ» սեպուած մտայնութեան։ «…ամօթի եւ մեղքի պատրուակով՝ թոյնի աղբիւր կը դարձնենք այն զգայարանքը, որ ամէնէն իրական երջանկութեան գործիքն է՝ Բնութեան կողմէ մեզի նուիրուած։ Զգուշութի՜ւն։ Չստորնացնենք, չխաթարենք, չբթացնենք զայն, սեռական զգայարանքը։», կը գրէ ան։ «Այլասերած մարդկութեան» հնարածը կը կոչէ մտայնութիւնը, թէ սէր ըսուածը գոյութիւն չունի եւ ան ընդամէնը «երկու մաշկերու հպումն է»։ Իր քերթողութեամբ ջերմ ու յորդուն սիրերգակ բանաստեղծը նաեւ իբրեւ բժիշկ կը նշէ, թէ «հոգւոյն ու  մարմնի այնքան սեղմ ու փոխադարձ ազդեցութիւնը մարդկային ուրիշ ոչ մէկ գործողութեան ատեն կարելի է տեսնել»։  Ապա, հաստատելէ ետք, թէ սիրով է որ Աստուած մեր մէջ կը յայտնուի, ու Աստուած Սէր է, կ’եզրափակէ. «Պատրաստենք մեր զաւակները այդ մեծ օրուան համար։ Ու սորվեցնենք Վերածնունդի առաջին օրէնքը. Առողջ սէր, առողջ սեռ»։
Սեւակի հերոսներուն մեծ մասը ուսանելու կամ բուժուելու նպատակով Զուիցերիա, Լօզան գացած հայեր են, եւ Սեւակ մարդկային մոլութիւններէ զատ կ’անդրադառնայ նաեւ ազգային ցաւերու։ Շատ յուզիչ է «Կռունկը»։ Թոքախտէ մեռնող հայ ուսանողը խնդրած էր ընկերոջմէն՝ երգել հայ պանդուխտներուն երգը։ Երբ սրճարանի մը անկիւնը հաւաքուած ուսանողներուն նոյն այդ ընկերը դէպքը կը պատմէ, բոլորը յուզումով կ’երգեն «Կռունկը», իրենց ալ անորոշ վաղուան մտատանջութեամբ.
Ղարիպին սիրտն է խոց, ճիկարն է վարամ,
Կերած հացն է լեղի, ու ջուրն է հարամ…
Մինչ հեղինակը կը բացականչէ. «Կռո՜ւնկ, կռո՜ւնկ, ամէն աշխարհի անկիւններէն, ամէն սրտի խորշերէ քանի՜ ծանր լուրեր կապեցին ոտքերուդ, ու դուն կրնաս թռչիլ»։ Այսօր, երբ աւելի քան երբեք արթնցած է Հայու Ոգին, ան կռունկի ոտքերուն իր Հայրենիքին հանդէպ իր յանձնառութիւնն ու անոր յաւերժութեան հաւատքը կը կապէ։
Լալա Միսկարեան-Մինասեան
(վերջ)
_____________________________________________
1.Ազատամարտ, քաղաքական-հասարակական օրաթերթ։ ՀՅԴ կուսակցութեան օրկան։ Լոյս տեսած է 1909-1915 թուականներուն, Պոլիս։ Խմբագիրներ՝ Ռ. Զարդարեան, Գ. Բարսեղեան։