Մեծ Բրիտանիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ վարչապետի նստավայրին մօտ, 10 Հոկտեմբերին, ՀՅԴ անդամները բողոքի ցոյցի ելան ընդդէմ ատրպէյճանական յարձակումին:
Ցուցարարները կը վանկարկէին` «Ճանչցէք Արցախի Հանրապետութիւնը հիմա», «Արցախը մերն է», «Հայաստանը խաղաղութիւն կը ցանկայ, Ալիեւը` պատերազմ», «Յաղթելու ենք» եւ այլ կոչեր:

Անոնք այնուհետեւ հայրենասիրական երգեր երգած են: