Արժանթինի մէջ Ծերակոյտի, Ներկայացուցիչներու Պալատի և Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մակարդակով յայտարարութիւններ հրապարակուեցան ի զօրակցութիւն հայ ժողովուրդին: Հայութեան զօրակցութեան յայտարարութեամբ հանդէս եկան նաև օրուայ իշխանութիւններու ընդդիմադիր համախմբումի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ:

Արժանթինի մօտ ՀՀ դեսպան Եսթեր Մկրտումեան յատուկ հիւրն էր շատ բարձր ռէյթինկ ունեցող պատկերասփիւռային յայտագիրի մը 9 Հոկտեմբերի գիշերը: Յայտագրի այն բաժնին մէջ որ յատկացուած էր արցախեան պատերազմին, համայնքի հանրածանօթ անձնաւորութիւններ ելոյթ ունեցան դատապարտելով ատրպէյճանաթրքական յարձակումը և կոչ ուղղելով աշխարհին և արժանթինեան հանրային կարծիքին՝ թոյլ չտալ հայ ժողովուրդի դէմ նոր ցեղասպանութիւն մը: Այդ անձնաւորութիւններու շարքին էին՝ ձեռնարկատէր Էտուարտօ Էօռնէքեան, Արդարադատութեան նախկին նախարար, 1985-ին զինուորական խունթան դատած ատեանի անդամ Լէօն Գարլոս Արսլանեան, հանրածանօթ տնտեսագէտ Գարլոս Մելքոնեան, միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտ և Թորքուաթօ Տի Թելլա Համալսարանի փոխ-տնօրէն Խուան Կապրիէլ Թոքաթլեան, ծանօթ ձեռնարկատէր Թէտի Գարակէօզեան, համավարակներու մասնագէտ և Քովիտ-19ի դէմ պայքարի ակտիւ մասնակից Գարլոս Գամպուրեան և թէնիսի նախկին ախոյեան Դաւիթ Նալպանտեան:

Հարաւային Ամերիկայի մէջ ատրպէյճանաթրքական յարձակումը դատապարտող և Արցախի ու Հայաստանի կողքին կենալու զօրաշարժը սկսաւ պատերազմի առաջին օրերէն: Երկու հետևողական հաւաքներ տեղի ունեցան Պուէնոս Այրէսի մէջ:

Առաջինը՝ 1 Հոկտեմբերին Հայաստանի դեսպանատան դիմաց՝ առ ի զօրակցութիւն հայրենի հողը պաշտպանող բանակին և երկրորդը՝ Պուէնոս Այրէսի ՀՅ Դաշնակցութեան Արամ Մանուկեան Կոմիտէի կազմակերպութեամբ բողոքի ցոյց 3 Հոկտեմբերին նախ Ատրպէյճանի ապա Թուրքիոյ դեսպանատուներուն դիմաց: Այս երկրորդին առիթով յատուկ, Ատրպէյճանի դեսպանատունը գրգռիչ պաստառ մը դրած էր դեսպանատան ճակտին՝ «Ղարաբաղը Ատրպէյճան է» սպաներէն մակագրութեամբ:
2 Հոկտեմբերին, Արժանթինի Գորտոպա քաղաքի հայ համայնքը կազմակերպեց միջ-կրօնական հաւաք մը Ցեղասպանութեան յուշակոթողի մօտ միացեալ նախաձեռնութեամբ ՀՅ Դաշնակցութեան Արմենիա Երիտասարդական Միութեան տեղւոյն մասնաճիւղին և ՀԲԸ Միութեան Երիտասարդական Լիկային: Այս առաջին նախաձեռնութեան յաջորդեց ինքնաշարժներով բողոքի ցոյց Կիրակի 4 Հոկտեմբերին քաղաքի գլխաւոր պողոտաներուն վրայ որ աւարտեցաւ հաւաքով մը Գորտոպայի Պետական Համալսարանի պատմական բակին մէջ:
4 Հոկտեմբերին, Արժանթինի Պուէնոս այրէս նահանգի հայահոծ Վիսենթէ Լոփէս արուարձանային քաղաքի համայնքը հաւաքուեցաւ Արմենիա Հրապարակին վրայ տեղադրուած խաչքարին շուրջ հաւաքական աղօթքով յարգելու համար արցախեան պատերազմին ինկած նահատակներուն յիշատակը և հաստատելու Արցախին կողքին կանգնելու յանձնառութիւնը:
5 Հոկտեմբերին Չիլէի հայկական համայնքը բողոքի ցոյց կատարեց մայրաքաղաք Սանթիակօ Տէ Չիլէի մէջ ատրպէյճանական հիւպատոսարանի դիմաց: Ցոյցին իրենց մասանակցութիւնը բերին Արժանթինէն և Ուրուկուայէն Չիլէ հատատուած հայորդիներ և Չիլէի Լիբանանեան Երիտասարդութիւն կազմակերպութենէն ներկայացուցիչներ:

6 Հոկտեմբերին, Արժանթինի մէջ գործող մարդկային իրաւանց պաշտպան կազմակերպութիւններ որոնք պատմականօրէն ակտիւ եղած են 1976 – 1983 զինուորական բռնատիրութեան դէմ պայքարի, ժողովրդավարութեան վերադարձի և մարդկային իրաւանց հաստատագրումի գործընթացներուն մէջ, միացեալ հաղորդագրութեամբ մը դատապարտեցին ատրպէյճանական յարձակումը Արցախի դէմ . պահանջեցին անմիջական զինադադարի հաստատում՝ տագնապը խաղաղ բանակցութեանց ճամբով լուծելու համար:

Հաղորդագրութիւնը ստորագրողներու շարքին են ի մասնաւորի Մայիսեան Հրապարակի Մեծ Մայրեր և Մայիսեան Հրապարակի Մայրեր կազմակերպութիւնները:

Հերթական ապատեղեկատւութեան արշաւի շարքին, Պուէնոս Այրէսի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատունը մամլոյ յատուկ հաղորդագրութեամբ մը «սխալ տեղեկութիւն» որակեց Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ ռմբակոծումը:
Նէուքէն նահանգի նոյնանուն մայրաքաղաքի քաղաքային խորհուրդը Արցախի դէմ ազրպէյճանական յարձակումը «խստօրէն» դատապարտող որոշում մը կայացուց:

Պուէնոս Այրէսի նահանգի հայահոծ Լանուս քաղաքի Քաղաքապետարանը հայ ժողովուրդին զօրակցութեան յայտարարութիւն տարածեց:
Ուրուկուայի Անկախութեան հրապարակին վրայ հայ համայնքի կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ 7 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ համայնքային ցոյց:
Արժանթինի և Չիլէի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տէր Գիսակ Արք. Մուրատեան նամակով մը դիմեց Ֆրանսիսքօ Պապին ահանզանգելով հայ ժողովուրդի դէմ նոր ցեղասպանութեան մը վտանգին մասին: Առաջնորդ Սրբազանն ու Պապը անձնական բարեկամներ են այն ժամանակներէն երբ Պապը տակաւին Պուէնոս Այրէսի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Մարիօ Պերկոկլիօ Առաջնորդն էր:

Ուրուկուայի կառավարութիւնը 6 Հոկտեմբերին յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ դատապարտելով «հայ ժողովուրդի դէմ յարձակումները»:

Ուրուկուայի կառավարութեան յայտարարութենէն մէկ օր յետոյ, 07 Հոկտեմբերին, Ուրուկուայի Ծերակոյտը յայտարարութեամբ մը «անմիջական» զինադադարի պահանջով հրապարակ եկաւ: Նիստին խօսք առաւ զբօսաշրջիկութեան նախկին նախարար Լիլիամ Քէշիշեան, որ ներկայիս ընդդիմութեան մէջ գտնուող Լայն Ճակատ կեդրոն-ձախ համախմբումէն ծերակուտական է:
7 Հոկտեմբերին Արժանթինի համայնքի երիտասարդական կազմակերպութիւններու կազմակերպած Խաղաղութիւն Հայաստանի Մէջ և Խաղաղութիւն Արցախի մէջ թուիթըրեան արշաւը լայն տարածում գտաւ:
Արժանթինի Ընկերվարական Կուսակցութիւնը յայտարարութիւն մը տարածեց դատապարտելով «Ատրպէյճանի լայնածաւալ յարձակումը Հայաստանի և Արցախի դէմ»:
8 Հոկտեմբերին, ինքնաշարժներու երկար շարասիւնով մը Հայաստանի և Արցախի դրօշակներ պարզած հայ համայնքի անդամներ շրջաքայեցան Պուէնոս Այրէսի կեդրոնական պողոտաներուն վրայ դատապարտելով ատրպէյճանաթրքական յարձակումը և Արցախի մէջ խաղաղութեան պահանջով: