Երեքշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2020-ին, «Ուաթան Օնլայն» սուրիացի տնտեսագէտ դոկտ. Ապէտ Ֆատլիէին հետ հարցազրոյց ունեցաւ: Ֆատլիէ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ ներածման շօշափելի նուազումը եւ անոր ուտեստեղէնով, դեղորայքով, յատկապէս վառելանիւթով սահմանափակելուն պատճառը ԱՄՆ-ի պարտադրած «Կայսեր Օրէնք»ն է, որուն լոյսին տակ օտարերկրեայ բազմաթիւ ընկերութիւններ փափաք չեն յայտներ Սուրիոյ հետ գործակցելու:
Շուկայէն ներս տեղի ունեցած սղաճին շուրջ Ֆատլիէ ըսաւ, որ անոր հիմնական պատճառը մատուցման սահմանափակումն է, որուն դիմաց ալ՝ ժողովուրդի պահանջքին աճը, ինչպէս նաեւ սուրիական լիրային անկումը ամ. տոլարին դիմաց: Ֆատլիէ եզրափակելով ըսաւ, որ «Մենք ներկայիս դժուար փուլի մէջ կը գտնուինք: Շուտափոյթ կամ «Կախարդական» լուծումներ չկան, սակայն կարելի է ձեռք բերել այնպիսի ելքեր, որոնք կը նպաստեն մատուցման զարգացումին ու արտադրման աշխուժացման»: