Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դիմատետրի իր էջին հետեւեալո գրած է. «Պատերազմի ընթացքին Արցախի պաշտպանութեան բանակը շուրջ 1 տասնեակ «Պայրաքթար» թրքական անօդաչու թռչող սարքեր խոցած է: Խոցուած ոչ մէկ սարք, սակայն, ՊԲ-ի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ չէ ինկած: «Կարծէք վերջապէս «Պայրաքթար»ի բեկորներ ունինք, որոնցմով ակնյայտ դարձած է, որ ան արտադրուած է Սեպտեմբերին, իսկ գերժամանակակից տեսախցիկը Քանատայի մէջ արտադրուած է Յունիսին:

Ինչ բանով այս մէկը կարեւոր կը համարուի. փաստօրէն կ՛ապացուցուի Թուրքիոյ անմիջական ներգրաւուածութիւնը Արցախի դէմ մղուող ահաբեկչական պատերազմին եւ անոր նախապատրաստութիւններուն:

Եւ այն երկիրները, որոնք «Պայրաքթար»ի համար անհրաժեշտ բաղադրամասեր կը մատակարարեն Թուրքիոյ՝ այս փաստին բերումով պէտք է հետեւին Քանատայի օրինակին եւ կասեցնեն հետագայ մատակարարումները»: