Վիէնի փոխքաղաքապետ Լեւոն Սաքունց դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ Ֆրանսայի Վիէն քաղաքի համայնքային խորհուրդը 19 Հոկտեմբերին միաձայնութեամբ ընդունած է Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման բանաձեւը: «Պատերազմական իրավիճակը նկարագրելով եւ 2014 թուականէն ի վեր Հադրութ-Վիէն կապը հաստատելէն յետոյ համայնքային խորհուրդը անգամ մը եւս յայտնած է իր աջակցութիւնը այս հակամարտութեան պատճառով տուժած խաղաղ բնակչութեան եւ դիմած է Ֆրանսայի կառավարութեան` ճանչնալ Արցախի Հանրապետութիւնը: Խորհուրդի ընթացքին ընդունուած է նաեւ յատկացնել 5000 եւրօ դրամական օգնութիւն պատերազմի հետեւանքով տարհանուած բնակչութեան համար», գրած է Սաքունց: