Արցախ
«Կոմսոմոլսկայա փրաւտա» ռուսական թերթի պատերազմական լրագրող Ալեքսանդր Քոց, որ այս օրերուն Արցախ կը գտնուի եւ կը լուսաբանէ սեփական իր աչքերով տեսած ատրպէյճանական վայրագութիւնները, թելեկրամեան իր էջին կը գրէ.
«Իմ տեղեկութիւններով, հայկական կողմը հարաւային ուղղութեամբ ուժգին հակահարուած հասցուցած է այսօր՝ ետ շպրտելով ատրպէյճանցիները նախապէս իրենց գրաւած դիրքերէն, ներառեալ՝ Խուդաֆերինի ջրամբարի տարածքէն: Հայկական հրետանին այնպէս կ՛աշխատէր, որ հողը կը ցնցուէր ոտքերու տակ: Նման պարագաներու մէջ, անշուշտ, «ազատագրման» և «բռնագրաւման» մասին վաղաժամ յայտարարութիւնները կը հերքուին նոյնքան արագ, որքան անոնք կը նետուին տեղեկատուական դաշտ»: