20 Հոկտեմբերին քաղաքական ընդդիմադիր ուժերու ներկայացուցիչները հանդիպած են ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնէն ներս: Քննարկումի առանցքը եղած է Արցախեան ճակատին ստեղծուած իրավիճակը: Քննարկումէն ետք ՀՅԴ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ ստեղծուած իրավիճակին շուրջ ունին մտահոգութիւններ եւ կրկին հաւաքուած էին անոնց շուրջ զրուցելու: