«Արմէնփրէս».- Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը յայտնած է, որ ԱՄՆ քոնկրէսական Կրէյս Նապոլիթանոն Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղած է պաշտօնապէս ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը:
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան` ան յայտնած է, որ Արցախը չի կրնար միանալ Ատրպէյճանին` աւելցնելով, որ Արցախը հազարամեակներ շարունակ եղած է Հայաստանի մէկ մասը: