Քաղաքիս մէջ Կիրակի, 18 Հոկտեմբերի գիշերը մօտ է կիսուելու: Նստած եմ պատկերասփիւռիս դիմաց, անձկութեամբ կը նաւարկեմ հայկական ալիքներու վրայ: Հայաստանի մէջ արդէն ողջունած են Երկուշաբթին, կէսօրը կը մօտենայ: Հաղորդուած լուրերուն մէկ մասը Կիրակիի իրադարձութիւններն են: «Ատրպէյճան կը շարունակէ ռմբակոծումները, ոտնակոխած է 18 Հոկտեմբերի կէս գիշերին զինադուլ հաստատելու իր խոստումը եւս, ինչպէս ըրած էր 10 Հոկտեմբերի զինադուլին… Ռուսիայէն ետք, Ֆրանսան ալ կը նուաստացուի թուրք-ազերի զինակցութեան կողմէ, որովհետեւ Թուրքիա բացայայտօրէն թելադրած է Ատրպէյճանի, որ անտեսէ համաձայնութիւնը… Վարձկաններ… Կան նոր զոհեր, վիրաւորներ… Մեր քաջարի բանակը ետ շպրտած է հիւսիսի եւ հարաւի գօտիներուն վրայ յարձակումները, ոչնչացուցած՝ սաւառնակներ, հրասայլեր, զինամթերք, մեծ թիւով զինուժ, ներառեալ վարձկաններ… Նպաստի եւ ընկերային ծառայութիւններու մասին ցուցմունքներ»: Մէկ խօսքով, նորագոյն կրկնութիւնները՝ նախընթաց 22 օրերու լուրերուն:
Կան դրական շարժումներ: «Հայութիւնը սկսած է երկրաշարժ յառաջացնել աշխարհի տարածքին. Աւստրալիոյ, Ամերիկայի, Եւրոպայի արեւելեան եւ արեւմտեան ոստաններու մէջ ճամբաներ կը փակուին Ատրպէյճան-Թուրքիա մեղսակցութիւնը դատապարտող հայ զանգուածներու կողմէ… Կը պահանջուի Արցախի անկախութեան ճանաչումը… Կան դրական արձագանգներ, ընդառաջողներ… Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը դատապարտելէ անդին՝ պատժամիջոցներու ենթարկելու սպասման շեշտադրում… Քաղաքական դէմքեր, միջազգային կազմակերպութիւններ, որոշ պետութիւններու եւ քաղաքներու վարիչներ, միջազգային ժողովներ՝ սկսած են արդար արձագանգ հանդիսանալ հայութեան պահանջին ու տեսակէտներուն… Թուրքիան զէնքէ զրկելու նախաքայլեր… Օտար նախարարի մը երեսփոխաններու Հայաստան ու Արցախ այցելութիւն, ճշմարտութեանց մասին վկայութիւններ, փաստարկում՝ որ թուրք-ազերիական տեղեկատուութիւնը սուտերով կ’ողողէ աշխարհը… Մինչեւ իսկ ազդեցիկ լրատու աղբիւրներ սկսած են իրենց ոճն ու միակողմանի՝ Ատրպէյճանին ի նպաստ կեցուածքը բարեշրջումի ենթարկել…»: Բոլոր տեղեկութիւններուն կ’ընկերանան համապատասխան տեսանիւթեր: Մէջ ընդ մէջ՝ մեկնաբանութիւններ, նաեւ՝ դրացիներու եւ հեռաւոր երկիրներու պետութեանց դրական, կրաւորական եւ ժխտական կեցուածքներուն մասին վերլուծումներ…
Լրատուութիւնը կ’ընդմիջուի ծանուցական հատուածով մը: Գլուխս ինքնաբերաբար կը գտնէ աթոռիս յենակը, մտածումներս կը շարունակեն լուրերէն մտրակահարուած թռիչքը: Ինչպէս ոեւէ հայ, իմ հոգիս ալ ալեկոծումի մէջ է. ցաւ՝ զոհերուն եւ հսկայական վնասներուն պատճառով, ինքնախրախոյս՝ դրական շարժումներուն ի լուր, առանց ինքնախաբէութեան՝ յոյս, որ ոճրագործ պետութիւններուն այս արկածախնդրութիւնը կրնայ սանձուիլ շուտով: Կոպերս կը փորձեն քունը վանել…
* * *
Ծանուցումը վերջ գտաւ: Յանկարծ պաստառին մթնոլորտը փոխուեցաւ: Ահա  հրապարակ մը. Արցախի՞ թէ Հայաստանի մէկ հրապարակն է: Շուրջ-բոլորը ժողովուրդ հաւաքուած է, տողանցք մը տեղի կ’ունենայ: Տողանցողներէն ոմանք կ’անցնին ձիերու վրայ, ուրիշներ՝ հետիոտն՝ տարբեր ժամանակներու զգեստներ, զէնք ու զրահ կը կրեն. կը յաջորդեն զինուորական բեռնակառքեր, որոնց վրայ տեղ գրաւած են մատղաշ զինուորներ: Տպաւորիչ շքերթ մըն է ամբողջութիւնը: Կու գան ու կ’անցնին անսպառ շարքերով…: Այնպէս կը թուի, թէ ոմանք ծանօթ դէմքեր ունին: Ոմանք կը յիշեցնեն մեր նահապետները, հին ֆետայիները, յեղափոխական դէմքեր, գրողներ, բանաստեղծներ, կրօնաւորներ. հայկական «Նեմեսիս»ները իրականացնողները. Սարդարապատի եւ Արցախեան պատերազմի տարբեր փուլերուն ինկած հերոսները յիշեցնողներ կան…: Շքերթին որոշ «հատուածները» կը յիշեցնեն հրապարակային այն տօնահանդէսները, որոնք կազմակերպուած էին տասնամեակներ առաջ, Երեւանի հիմնադրութեան 2700-ամեակին, կամ՝ նման պատմական հանգրուաններ պանծացնելու համար: Կ’երեւին Հայկ ու Արամ նահապետներն ու Ուրարտուի թագաւորները, Աւարայրն ու այլ գոյամարտերու կերտիչները յիշեցնող տողանցողներ:
Բոլորն ալ կ’անցնին բարձրաճակատ, լուռ բայց պերճախօս արտայայտութիւններով: Կամաց-կամաց ուշադրութիւնս կը գրաւէ աներեւոյթ խօսնակի մը՝ հանդիսավարի մը ձայնը, որ ոգեւորուած եւ բոցաշունչ ոճով պատգամներ կ’ուղղէ, վիճակներու եւ կացութիւններու վերլուծում կը կատարէ: Անկարելի է ամէն բան լսել, միտք պահել, սակայն կարելիս կ’ընեմ ըսուածէն բաներ մը որսալու: Ահա թէ ի՛նչ կ’ըսէ խօսնակը.
Մի՛ մոռնաք, որ Թուրքիան եւ անոր գործակից Ատրպէյճանն են մեր հիմնական թշնամիները. մեծ տարբերութիւն մի՛ տեսնէք այս ոճրագործ պետութիւններուն կամքին ենթակայ՝ իրենց ժողովուրդներուն միջեւ: Տեսէ՛ք, թէ ինչպէ՛ս Աւետարանի Զաքարիան յիշեցնող՝ պապանձումի մատնուած են այն թուրք պատմագէտներն ու մտաւորականները, որոնք առիթ չէին փախցներ Ցեղասպանութեան մասին խօսելու եւ մեզի խրատներ բաշխելու: Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի զօրակցողները կը կազմեն երկրորդ օղակ մը, զոր պէտք է քանդել խելամիտ յարաբերութիւններով, ազդու աշխատանքով, ճշմարտութիւնները աղաղակող կերպով ցուցադրող տեղեկատուութեամբ:
Աւելի քան 100 տարի առաջ, Թուրքիոյ պետութիւնը օգտագործեց աշխարհը փոթորկող պատերազմը, փորձեց հայութիւնն ու Հայաստանը բնաջինջ ընել: Մենք յաջողեցանք ձախողեցնել դաւին ամբողջական իրականացումը, այսօր, վիճակները երեւութապէս փոխուած են, էութիւնը կը մնայ նոյնը. Թուրքիա դարձեալ կը փորձէ ցեղասպանութիւն եւ հայաստանաջնջում իրականացնել, կը փորձէ օգտուիլ համաճարակին եւ ընտրարշաւներու իբրեւ թէ ուշադրութիւն շեղող կացութիւններէն: Դուք մեր զաւակներն ու թոռներն էք, մենք կ’ապրինք ձեր մէջ եւ միասնաբար պիտի ձախողեցնենք ցեղասպանական այս փորձը եւս:
Մեզմէ մէկը ատենին թուք արձակեց մարդկային արդարութեան ճակատին: Այսօր, թուք արձակելը բաւարար չէ: Ուրիշ մը պատգամեց, թէ հայը պէտք չէ մոռնայ այսքան չարիք, որպէսզի խուսափի նախատինքէ: Այսօր, թուրքին ու ազերիին չարքիը յիշելը բաւարար չէ, այլ պէտք է քայլ մը անդին անցնիլ եւ գործնապէս հաշիւ ու հատուցում պահանջել անոնցմէ, աշխարհին պարտադրել, որ գործի անցնի արդար հատուցման ի խնդիր:
Անցեալին, հզօր պետութիւններ անտարբեր ու կրաւորական կեցուածք ցուցաբերեցին մեզի հանդէպ, ըսին, թէ իրենց նաւերը չեն կրնար Արարատ հասնիլ: Այսօր ալ անոնք տարուած են նման հաշիւներով: Ձեր պարտականութիւնն է ցոյց տալ, որ Արցախն ու Հայաստանը պաշտպանելը, թրքական ոճրային ծրագիրներուն ենթակաները պաշտպանելը  շա՛տ աւելի գերակշիռ կարեւորութիւն ունին, գան որոշ ժամանակի վրայ երկարող հաշիւները: Պէտք է ցոյց տաք, որ թրքական արիւնաներկ տարածքներուն ընդարձակումը կը նշանակէ ոճիրներու գօտիին տարածումը: Պէտք է ցոյց տաք, որ Չինաստանէն մինչեւ Միջին Արեւելք, արաբական աշխարհ եւ եւրոպական ոստաններ, «ծայրայեղականներու» տարածած ոճիրներուն ետին կան նաեւ Էրտողաններու թաքուն ու բացայայտ ձեռքերը, ուղեցոյցը:
Իսլամական, մասնաւորաբար արաբական աշխարհին պէտք է ցոյց տաք, որ թրքական «իսլամութիւնը» կապ չունի իրենց հաւատալիքներուն հետ, թուրքին համար կրօնքը պարզապէս քող մըն է՝ ծածկելու իր ցեղապաշտ եւ թուրանական ծրագիրները, որոնց թիրախներն են դրացիներէն մինչեւ Ծոց ու հիւսիսային Ափրիկէ, նոյնինքն Իրանն ու աւելի հեռուները՝ մինչեւ Կեդրոնական Ասիա ու Չինաստան: Արաբական աշխարհը ինքն իրեն պէտք է խնայէ կարմիր սուլթաններու բռնատիրական լուծին կրկնութիւնը, աչքերը լայն բանայ Իսլամը վարկաբեկումի ենթարկող եւ միայն եաթաղանի չաստուածը պաշտող թուրքին դիմագիծին վրայ: Կրօնամոլ ահաբեկիչներու զինուորագրումը եւ անհակակշիռ արձակումը՝ Սուրիայէն մինչեւ Իրաք, Լիպիայէն մինչեւ եւրոպական քաղաքներ, «Դամոկլեան Սուր» մը կախած է քաղաքակիրթ մարդկութեան գլխուն: Միջին Արեւելքի մէջ կրօնքներու համակեցութեան արդար քարոզչութիւնը կը սպասէ համապատասխան կիրարկում:
* * *
Մարտական երաժշտութեան կարճ հատուածէ մը ետք, խօսնակը շարունակեց.
-Դուք այսօր Արցախի սահմաններուն վրայ չէք պաշտպաներ միայն հայկական այս փոքր տարածքն ու Հայաստանի ամբողջութիւնը, այլ պատուար էք ընդդէմ թրքական նոր կայսրութեան:
Թուրք-ազերիական ուժերը երկրորդ անգամ դրժեցին զինադուլի համաձայնութիւնը: Կը նկատէք, որ անոնց յարձակումներուն գլխաւոր թիրախներէն մէկն է հարաւային ճակատը: Անոնք կ’աշխատին խորտակել այդ ճակատը եւ արշաւել դէպի արեւմուտք: Անոնց աչքերը ուղղուած են Հայաստանի հարաւային գօտիին, որուն վրայով, կ’երազեն հողային կամուրջ մը նետել դէպի գրաւեալ Նախիջեւան եւ ամբողջացնել Ատրպէյճան-Ղափան ու Զանգեզուր-Նախիջեւան-Թուրքիա կամուրջը, որ ինքնին մահացու հարուած մը պիտի ըլլայ Հայաստանին, ո՛չ արհամարհելի սպառնալիք՝ Իրանին:
Պէտք չէ տարուիք «փոխանակումի» կամ «փոխ-զիջումի» տարազներով, որոնք հրապարակ կը նետուին իբրեւ լուծումի ուղի: Մի՛ մոռնաք, որ նոյն ծրագիրները տարբեր բառամթերքով Հայաստանին հրամցուած էին Արցախեան պատերազմի առաջին փուլին: Մի՛ մոռնաք, որ մեր ժողովուրդի ծննդոցէն ասդին, արիւնով ու անհաշիւ զոհաբերութիւններով պահպանած ենք մեր հողերը, վերաշահած՝ մեզմէ խլուածին այս կամ այն բաժինը: Այսօր, Ատրպէյճան խաղաղութեան համար պայման կը դնէ «անմիջականօրէն իրեն վերադարձնել արցախեան հինգ շրջաններ», իսկ մնացեալ երկուքին համար ալ կը պահանջէ ժամանակացոյցի մը ճշդումը: Արդեօք մոռցա՞ծ ենք, որ Ատրպէյճանը մեզմէ առնելիք հող չունի, ընդհակառակն, բաց կը մնան Շահումեան, Գետաշէն եւ Նախիջեւան խորագրեալ պարտամուրհակները: Թուրքիա ունի աւելի մեծ պարտամուրհակ մը՝ Արեւմտեան Հայաստանը, իսկ քանի մը ամիսէն պիտի նշենք Կարսի ու Մոսկուայի համաձայնագիրներուն 100-րդ տարեդարձը:
Մեր դիւանագիտութեան, քաղաքական միտքին ու տեղեկատու մեքենաներուն ճիտին պարտքն է ցոյց տալ աշխարհին, որոշումի տէր երկիրներուն ու հաշտարարներուն, թէ ԱՐՑԱԽԸ ԵՐԲԵՔ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻՆ ՉԷ ՊԱՏԿԱՆԱԾ խորհրդային տարիներուն իսկ, եւ ստալինեան շիլ կամայականութեան ճամբով, իբրեւ ԻՆՔՆԱՎԱՐ ՄԱՐԶ դրուած է Ատրպէյճանի խնամքին տակ: Այսօր, աւելի քան երեք շաբաթներու վրայ երկարող յարձակումները, առանց մոռնալու անցեալ երեսուն-առաւել-եօթանասուն տարիներու «ոճրային խմանատարութիւնը», բաւարար փաստ են, թէ ի՞նչ ճակատագիր կը սպասէ Արցախին ու անոր հայութեան, եթէ որեւէ տարազի տակ Ատրպէյճանի ձեռքը հասնի անոր:
Ձեր աչքերը տարածեցէք դէպի հեռու շրջաններ, նաեւ դէպի ապագայ: Աշխարհի մէջ տեղի կ’ունենան մեծ ելեւէջներ, երկրամասեր կը մասնատուին, տեղի կ’ունենան կցումներ… Նման փոթորիկներէ կարելի է նպաստաբեր հովեր ապահովել՝ մեզմէ խլուած հողեր մաս առ մաս վերադարձնելու մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին, չմնալ «պատանդ»ը՝ Թուրքիան եւ զօրակիցները անշրջանցելի են խորագրեալ այժմու տրամաբանութեան:
Թուրք-ազերիական յարձակումները ոտնակոխած են ո՛չ միայն զինադուլի համաձայնութիւններ, այլ նաեւ միջազգային ընկալեալ օրէնքներուն, բոլո՛ր օրէնքներուն տարրն ու ոգին: Մեր ժողովուրդը ահաւոր ցաւ ու վնաս կը կրէ պետական ոճիրներու, պետական ահաբեկչութեա՛ն հետեւանքով: Հայութիւնը, իր Հայաստանով ու Արցախով՝ իրաւունք ունի ո՛չ միայն Միջազգային Դատարան դիմելու՝ պահանջելու ոճրագործ զոյգին դատապարտումն ու արդար հատուցում, այլ նաեւ իրաւունք ունի ցաւցնող հարուածներ տալու անոնց: Ցաւցնողը բնականաբար անոնց գործած ջարդերուն կրկնօրինակը չէ, որքան ալ որ հայուն ցաւած սիրտը նման մտածողութեան հիմքեր ստեղծէ…
Մենք անցեալին թուրք սուլթաններն ու ցեղասպանները պատժելու ցաւցնող միջոցներու դիմեցինք մեր սեփական ձեռքերով, երբ տեսանք, որ ոճրագործները ամբաստանող եւ մահուան իսկ դատապարտող իրաւապաշտպանները չանցան խօսքի սահմաններէն անդին: Ցեղասպանը պատժելու քայլեր առնուեցան նաեւ մօտաւորապէս 50 տարի առաջ, ճամբայ բանալով մեր իրաւունքներուն ճանաչման առջեւ: Թուրքիան եւ անոր թիկունք կանգնողները պէտք է զգան, որ հայը կրնայ այսօր ալ ցաւցնող միջոցներու դիմել: Այս ճամբուն վրայ, կարեւոր քաղաքներու մէջ եւ երկիրներու միջեւ ճամբաներու փակումը այս իմաստով կրնայ նախաճաշակ մը տալ: Այսօր ալ Պանք Օթոմաններ կան հոս-հոն, մասնաւորաբար քարիւղի աշխարհին մէջ…: Մեր ձայնին ու բռունցքին միասնութիւնը հրամայական է, ինչպէս եղած է Արարատի շուքին տակ մղուած բոլոր Սարդարապատներուն: Այս գիծը պէտք է զարգացնել աւելի՛ կազմակերպ, համակարգուած ու ազդու ձեւերով, իրականութիւնները օտար լեզուներով աւելի՛ հետեւողական ու կեդրոնացեալ միջոցներով տարածել՝ ծանօթացնելով զանգուածներուն, որովհետեւ, հաւատացէ՛ք, առնչակից պետութիւնները շատ լաւ գիտեն իրականութիւնները, սակայն իրենց ժողովուրդներէն բարձրացող բողոքի ձայներ կրնան նպաստաւոր յորձանքի վերածել կաթիլ-կաթիլ կուտակուող ջուրը:
* * *
Տողանցքը կը շարունակուէր անհատնում շարքերով, խօսնակն ալ, հինէն-նորէն, նշանաւոր մարդոց խօսքերէն մէջբերումներ կը կատարէր: Օրինակ, խօսելով Արցախի ճակատներուն վրայ մեր քաջերուն նահատակութեան մասին, մեծ բանաստեղծի մը խօսքերը փոքր բարեփոխումով մը արտասանեց հետեւեալ բառերով.
…Թրքաց մայրեր թող լան, ու դուն
Ուրախ լուրեր տար Հայաստան:
Անմիջապէս հետեւեցաւ երգ մը.
Երբ չի մնում ելք ու ճար,
Խենթերն են գտնում հնար…
Այս տողերը կրկնուեցան, հետզհետէ աւելի՛ ուժգին հնչեցին եւ… արթնցուցին զիս:
Նստած էի պատկերասփիւռիս դիմաց: Լուրերու նոր շարանին կ’ընկերանար երգը…
Սարգիս Մահսերէճեան