«Արմէնփրէս».-Քոնկրէսական Ատամ Շիֆ, խօսելով ԱՄՆ Քոնգրէսի գրադարանի որոշումին մասին, որ այսուհետեւ պիտի կիրառուի «Հայոց Ցեղասպանութիւն» խորագիրը, յայտնած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ոչ միայն պատմական հարց է, այլեւ ուղերձ`ուղղուած Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ էրտողանին:
«Այդ որոշումը հետզհետէ աւելի մեծ նշանակութիւն կը ստանայ ընթացիկ իրադարձութիւններով: Հարիւրամեայ վաղեմութեան ցեղասպանութիւնը շատ ակնյայտօրէն կը զգացուի, երբ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան այսօր վայրագութիւններ կ’իրականացնեն Արցախի ու Հայաստանի մէջ` սպանելով տասնեակ խաղաղ բնակիչներուն, տեղահանելով հազարաւոր մարդոց: Ցեղասպանութեան ճանաչումը պարզապէս պատմական հարց չէ, ուղերձ է նախագահներ Ալիեւին եւ Էրտողանին, որպէսզի մեզ չվախեցնեն եւ չպարտադրել լռել: Մենք կանգնելու ենք Հայաստանի եւ Արցախի կողքին», գրած է Շիֆը:
22 Հոկտեմբերին ԱՄՆ Քոնկրէսի գրադարանը յայտարարած է, որ այսուհետեւ պիտ։ի կիրառէ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» խորագիրը: Նախապէս հոն առկայ գիրքերը, տարբեր աղբիւրները ներկայացուած էին «Հայկական Կոտորածներ» խորագիրին ներքոյ: