Ուրբաթ, 23 Հոկտեմբեր 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ Սուրիոյ Խորհրդարանին փոխանցեց 2021-ի պետութեան ֆինանսական տարուան ընդհանուր հաշուեկշիռին օրինագիծը:
Նախորդ Երեքշաբթի օր, Սուրիոյ Նախարարներու Խորհուրդը 2021-ի հաշուեկշիռի օրինագիծին եզրափակիչ տարբերակը հաստատեց, որ հաւասար է 8500 միլիառ ս.ո., իսկ 2020-ի հաշուեկշիռն էր 4000 միլիառ ս.ո.:
2021-ի հաշուեկշիռի գումարները պիտի բաժնուին հետեւեալ ձեւով:
7000 միլիառ ս.ո. ընթացիկ ծախսերուն եւ 1500 միլիառ ս.ո. ներդրումային ծախսերուն:
Ընդհանուր գումարէն 3500 միլիառ ս.ո. պիտի յատկացուի ընկերային ծառայութեան, 50 միլիառ ս.ո. գիւղատնտեսական արտադրութեան սնտուկին, 50 միլիառ ս.ո. ընկերային օժանդակութեան սնտուկին եւ արուարձաններու կնոջ զարգացման ծրագիրներուն: