«Արմէնփրէս».- Մեկնարկած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի աշխատանքային այցելութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Նախարարի մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեան դիմատետրի իր էջին վրայ յայտնած է, որ Մնացականեան հանդիպում պիտի ունենայ ԱՄՆ պետքարտուղարի Եւրոպական եւ Եւրասիական հարցերու տեղակալ Ֆիլիփ Ռիկըրի հետ:
ԱՄՆ պետքարտուղար Մայք Փոմփէոն 23 Հոկտեմբերին Ուաշինկթընի մէջ առանձին հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի եւ  Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամովի հետ: Ուաշինկթընի մէջ տեղի պիտի ունենայ նաեւ ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահներուն հանդիպումը ԼՂ հակամարտութեան հարցով