«Արմէնփրէս».- ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան Atlantic Council-ին մէջ քննարկումի ընթացքին արդիւնաւէտ համարած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակին շուրջ ԱՄՆ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ ունեցած հանդիպումները:
«Մենք հոս ենք աշխատելու ԱՄՆ մեր գործընկերներուն հետ: Մենք ունեցած ենք շատ արդիւնաւէտ հանդիպումներ առաւօտեան: Մենք պիտի շարունակենք մեր աշխատանքները` հասնելու շատ որոշակի ու կարեւոր նպատակներու` կրակի դադրեցման վարչակարգի հաստատման, վերադարձի խաղաղ լուծման», ըսած է Մնացականեան:
Զոհրապ Մնացականեան յայտնեց, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն, համանախագահող երկիրներու նախագահներու ու արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով շատ մեծ աշխատանք տարուած է:
«Երկիրներու նախագահներու մակարդակով հնչած են կրակի դադրեցման մասին յայտարարութիւններ, որոնք վերահաստատուած են նաեւ ԱԳ նախարարներու կողմէն: 10 Հոկտեմբերին մենք շատ երկար խորհրդակցութիւններ ունեցանք ՌԴ ԱԳ նախարարի միջնորդութեամբ, մարդասիրական զինադադարի հաստատման համաձայնութիւն ձեռք բերինք, որ չյարգուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէն, այնուհետեւ նոյնպիսի համաձայնութիւն եղաւ 17 Հոկտեմբերին, որ դարձեալ չպահպանեց Ատրպէյճանը», ըսած է Զոհրապ Մնացականեան:
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը դիտել տուաւ, որ այժմ հայկական կողմը կը պայքարի երեք հակառակորդին դէմ` Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ միջազգային ահաբեկիչներու, որոնք 27 Սեպտեմբերին պատերազմ սկսած են Արցախի դէմ:

Նորայր Շողիկեան