Կիրակի, 25 Հոկտեմբեր 2020-ի առաւօտեան Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ, նախագահութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի։ Պատարագի աւարտին հոգեշնորհ հայր սուրբը հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ սարկաւագ Նուպար Մելքոնեանի, Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի, Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Թաղականութեան, ինչպէս նաեւ Տէրիքի Ս.Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղականութեան, Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Թաղականութեան, Հասիչէի ՍՕԽ-ի «Լոռի» Մասնաճիւղի Վարչութեան եւ ներկայ ժողովուրդին հետ միասնաբար թափօր կազմած ուղղուեցաւ առաջնորդարանի շրջափակ։ Անոնց կ՚ընկերակցէր ՀՄԸՄ-ի փողերախումբն ու սկաուտութիւնը, ազգային երգերու նուագակցութեամբ։

Առաջնորդարանի շրջափակը նահատակներու յուշակոթողին դիմաց տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, ի յիշատակ Արցախի նահատակներուն։
Ապա Ս. Պ. Մ-ի Գամիշլիի «Զաւարեան» Մասնաճիւղի պատանիները Արցախի նահատակներուն նուիրուած լօզունքներ արտասանեցին, որմէ ետք հնչեցին Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Անկախ Արցախի հանրապետութեանց քայլերգները։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ դեղագործ տիար Վարդան Մուրատեան, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց հայ ժողովուրդի միասնական ուժին զօրութիւնը, աւելցնելով, որ միասնութիւնը այն ոյժն է, որուն դէմ անզօր են թշնամիին անմարդկային ծրագիրները։ «Պիտի շարունակենք անսասան կամքով մեր յաղթական երթը եւ մենք սփիւռքահայերս պիտի շարունակենք մեր պահանջատիրական պայքարը՝ յանուն մարդկային արդար իրաւունքներու, յանուն Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման», աւելցուց ան։
«Զաւարեան» Պատանեկան երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ ներկայացնելով քառեակներ նուիրուած Արցախի անմահ նահատակներուն եւ Արցախի ազատագրական պայքարին, ինչպէս նաեւ երգելով փունջ մը ազգային երգեր։

Արաբերէն խօսքով հանդէս եկաւ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ սարկաւագ Նուպար Մելքոնեան, որ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի հզօր կամքին եւ աննահանջ պայքարին ըսելով. «հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ մղեց գոյատեւման պայքար՝ բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարելով, իր հաւատքով եւ մարտունակ ոգիով։ Առիւծածին հայ ժողովուրդին յաղթելը անկարելի է»։ Ապա ան վեր առնելով Սուրիոյ ժողովուրդին եւ անոր վսեմաշուք նախագահ Պաշար ալ Ասատին վեհանձն ոգին, նկատել տուաւ, որ անոնք միշտ եղած են հայ ժողովուրդի կողքին պաշտպանելով արդարութիւնը։
Այնուհետեւ հոգեշնորհ հայր սուրբը իր եզրափակելով ներկայ իրավիճակը ըսաւ. «Կեանքը պայքար է եւ ոյժն է, որ կը տիրապետէ աշխարհին։ Այս է ճշմարտութիւնը։ Արդարութիւն կրնանք հաստատել, երբ բռնցքուած, մէկ ձեռք դարձած կը հարուածենք թշնամին։ Մենք այսօր ամէն ժամանակէ աւելի կարիքը ունինք միասնութեան։ Մեր միութեամբ, միասնութեամբ պայքարը շարունակենք մինչև վերջնական արդար հատուցում, մինչեւ Արցախի Ազատ անկախ հանրապետութեան միջազգային ճանաչում։ Կեցցէ՛ Արցախը, կեցցէ՛ Հայաստանը, կեցցէ՛ հայկական հզօր բանակը, կեցցե՛ն մեր երկրորդ հայրենիքը Սուրիան, իր աննահանջ բանակը եւ անոր խիզախ ղեկավար Պաշար ալ Ասատը»:

Բժշկհ. Մարի Մելքոն