«Արմէնփրէս».- 27 Հոկտեմբերին հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Պաշտպանութեան Նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան ըսաւ, որ Արցախի նկատմամբ Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին ատրպէյճանական բանակը, անոր աջակցող թրքական եւ ահաբեկչական ուժերը կորսնցուցած են իրենց ահռելի քանակական եւ ճարտարագիտական առաւելութիւնը:
Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնեց, որ 27 Հոկտեմբերի առաւօտեան ատրպէյճանական զինեալ ուժերը դարձեալ շարունակած են յարձակողական գործողութիւններ իրականացնելով տարբեր ուղղութիւններով, միաժամանակ քանի մը բնակավայրերու խաղաղ բնակիչներուն նկատմամբ կիրառուած է հրետանի:
Անոր խօսքով, գիւղերու ուղղութեամբ, որպէս կանոն ատրպէյճանական ռազմական փոքր խումբեր կը մօտենան, որոնք կը կրեն թեթեւազէն սպառազինութիւն: