«Արմէնփրէս».- ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը վերահաստատած է, որ միջազգային վաւերականութեան ձեւաչափերու ներդրումը այլընտրանք չունի:
ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ յիշուած է.
«Այսօր ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Հայաստանի տարածքէն Ատրպէյճանի Պարտայի շրջանի ուղղութեամբ հրթիռային յարձակման մասին Ատրպէյճանի տարածած յայտարարութիւնը կատարեալ սուտ է. ոչ ՀՀ ԶՈՒ-ն, ոչ Արցախի ՊԲ-ն նշուած ուղղութեամբ որեւէ հրթիռ չեն արձակած:
Արդէն մէկ ամիս է, Ատրպէյճանը լայնածաւալ պատերազմ սանձազերծած է Արցախի ժողովուրդին դէմ, եւ ողջ ընթացքին ատրպէյճանական կողմի զինանոցի անբաժանելի գործիքակազմ հանդիսանած է հայկական կողմերուն հրադադարի խախտման կեղծ մեղադրանքներ ներկայացնելը` փորձելով խուսափիլ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներու միջնորդութեամբ ձեռք բերուած հրադադարի համաձայնութիւններու տապալման պատասխանատուութենէն:
Այդպէս եղաւ նաեւ այսօր. ատրպէյճանական կողմը քասեթային հրթիռակոծման ենթարկեց Արցախի Մարտունիի շրջանի Ննգի բնակավայրը, ուր ապաստանած էին Արցախի այլ հատուածներէն տեղահանուած խաղաղ բնակիչներ: Յարձակման հետեւանքով կան աւերածութիւններ եւ վիրաւորներ խաղաղ բնակչութեան շրջանին:
Միեւնոյն ժամանակ ատրպէյճանական կողմը կեղծ լուր տարածեց Պարտա շրջանի ուղղութեամբ հրթիռակոծման մասին:
Ատրպէյճանական կողմի հերթական աժանագին սադրանքը կու գայ հաստատելու այն պարզ փաստը, որ միջազգային վաւերականութեան ձեւաչափերու ներդրումը այլընտրանք չունի: Յատկանշական է, որ Ատրպէյճան յամառօրէն կը խուսափի նման համակարգի ներդրումէն», յայտնած է ՀՀ ԱԳՆ-ն: