«Երկիր».- ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնական ներկայացուցիչ Սթեֆան Տիւժարիք յայտարարած է, որ ՄԱԿ-ը խստօրէն դատապարտած է ԼՂ հակամարտութեան ընթացքին բնակավայրերու վրայ բոլոր յարձակումները եւ ռմբակոծութիւնները:
«Մենք կրկին կը կրկնենք գլխաւոր քարտուղարի կոչը բոլոր կողմերուն` անյապաղ մարդասիրական հրադադար սահմանել, որուն մասին անոնք համաձայնած են, եւ ամբողջութեամբ կատարել քաղաքացիական անձերու եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու պաշտպանութեան իրենց պարտաւորութիւնները», ըսած է Տիւժարին: