«Երկիր Մետիա».-Արցախի նախագահի մամուլի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեան կը հերքէ այն հրապարակումները, ըստ որոնց հայկական կողմը քասեթային ռումբ կիրառած է Բարդա քաղաքի ուղղութեամբ` թիրախաւորելով խաղաղ բնակչութիւնը:
«Նման զէնք մենք չենք կիրառած Բարդայի ուղղութեամբ: Պաշտպանութեան բանակը այլ զինատեսակներ կիրառած է` մեծ քաղաքներու ուղղութեամբ թիրախաւորելով միայն ռազմական տուեալները, որոնց ցանկը ՊԲ-ն հրապարակած է»,ըսած է Պօղոսեան: