Կազմակերպութեամբ Քրիստափոր Ուսանողական Միութեան, Հայ Դատի Յանձնախումբին եւ Սուրիոյ Երիտասարդաց Միութեան, Կիրակի, 25 Հոկտեմբեր 2020-ին տեղի ունեցաւ ցոյց եւ ժողովրդային հաւաք՝ ի զօրակցութիւն Արցախի եւ ընդդէմ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ոտնձգութիւններուն։
Հալէպի Ազիզիէ շրջանը թնդաց հայ երիտասարդներու բողոքի կանչերով, «Արցախը Հայաստան է», «Վերջ Ցեղասպանութեան», «Յաղթելու ենք» լօզունքներով։ Հազարաւոր հայ երիտասարդներ, Քրիստափոր Ուսանողական Միութեան, Հայ Դատի Յանձնախումբի, Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան, Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան, անդամներ, ՀՄԸՄ-ի սկաուտական խումբերն ու փողերախումբը Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի դրօշները պարզած եւ թրքական եւ ատրպէյճանական ահաբեկչական արարքները դատապարտող խօսքերով խաւաքարտեր բարձրացուցած ՀՄԸՄ-ի դաշտէն քայլարշաւով ուղղուեցան Ազիզիէի հրապարակ, ուր իրենց կը սպասէր հոծ բազմութիւն մը:
Արաբերէն բացման խօսքով Բերիոյ Թեմի Ազգ. Վարչութեան անդամ, փաստաբան Պայքար Թովմասեան խստօրէն դատապարտելով Թուրքիոյ պատերազմամէտ քաղաքականութիւնը ըսաւ. «Տարիները կ’անցնին, ժամանակները կը փոխուին սակայն պատմութիւնը կը կրկնէ ինքզինք։ Ահա նոյն արիւնարբու օսմանցին կրկին արիւն կը հեղէ եւ ժողովուրդներու ազատութիւնը կը կաշկանդէ՝ յագեցնելու համար իր օսմանական պատրանքներն ու տենչերը: Ան Սուրիոյ, Լիպիոյ, Իրաքի եւ Յունաստանի մէջ պատերազմներ կը հրահրէ կամ իր վարձկաններն ու զէնքերը կ’ուղարկէ Արցախ սպանելու խաղաղ ժողովուրդը, բայց մենք՝ հայերս թոյլ պիտի չտանք, որ մեր ժողովուրդը անգամ մը եւս ցեղասպանութեան ենթարկուի»: Հայերէն բացման խօսքով Հալէպի Նահանգային Խորհուրդի անդամ, փաստաբան Մարիա Գաբրիէլեան անդրադարձաւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի պատերազմական յանցագործութիւններուն եւ դատարպատեց միջազգային ընտանիքը իր անտարբերութեան համար, ապա եզրափակելով խօսքը ըսաւ. «Ինքզինք յառաջադէմ համարող աշխարհի մեծ տիրութիւնները կը շարունակեն կոյր ու խուլ ձեւանալ Թուրքիոյ գործած ոճիրներուն ի տես, անոնք խցաններով փակած են իրենց ականջները եւ ակնակապիճները անարդարութեան շաղով ծեփած: Պիտի հասկնաք, միջազգայի՛ն ընտանիք, Եւրոպա՛, Ամերիկանե՛ր եւ Արաբակա՛ն Աշխարհ, մեր համբերանքն ալ պարագիծ ունի, հայրենիքի մեր կարօտի կրակը հրդեհի վերածուելու ժամը չ’ուշանար: Այնպէս ինչպէս պաշտպանեցինք սուրիական հայրենիքը նոյն թշնամիին դէմ, պիտի պաշտպանենք Արցախ հայրենիքը»:
Այնուհետեւ բեմավար Աննա Պարսամեան յաջորդաբար հրաւիրեց Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեանը, Սուրիոյ Ազգային Հասարակական Կուսակցութեան ներկայացուցիչը, Սուրիական Աղեքսանտրէթի Միութեան ներկայացուցիչը, Սուրիոյ Արաբական Ընկերվարական Կուսակցութեան ներկայացուցիչը, Սուրիոյ Ազգային պահակագունդի ներկայացուցիչը, Պաղեստինցի ժողովուրդի, Արաբ Աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչները, իսլամ կրօնաւոր Շէյխ Ճամալ Համմաշը ներկայացնելու իրենց խօսքերը:
Անոնք նախ շեշտեցին, որ հայ եւ արաբ ժողովուրդները եղբայր ժողովուրդներ են, որոնք դարեր շարունակ պայքարած են իրենց իրաւունքներուն համար: Ապա շեշտեցին, որ Արցախի դէմ պատերազմին մասնակցութեան Թուրքիոյ նպատակը Հայաստան հասնիլն է։ Թրքական բարբարոսութիւնը կ’արտայայտուի Էրտողանի օսմանական նկրտումներով, ան պատերազմներ կը հրահրէ եւ վարձկան ահաբեկիչներ կը փոխադրէ տարածաշրջանէ տարածաշրջան։ Խօսք առնողները աւելցուցին նաեւ, որ պէտք էր դատապարտել առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Օսմանեան Թուրքիոյ իրագործած Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ հայերուն բռնի տեղահանութիւնը իրենց պատմական հայրենիքէն։ Թուրքերը ամօթի խարան մըն են՝ նետուած պատմութեան էջերուն մէջ։
«Կ’ողջունենք Արցախի բանակը, յաղթանակ կը մաղթենք անոր, կը զօրակցինք ազատատենչ հայ ժողովուրդին, որմէ երկու հոգի, երբ հանդիպին աշխարհի որեւէ մէկ ծայր, կը ստեղծեն նոր Հայաստան։ Մենք Սուրիոյ մէջ, մեր հայ եղբայրներուն հետ կ’ապրինք համերաշխութեան ու փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտի մէջ: Սուրիահայութիւնը անբաժան մէկ մասնիկն է սուրիական ընկերութեան», առաւելաբար շեշտեցին խօսք առնողները։
Օրուան երզափակիչ պատգամը ուղղեց Բերիոյ հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, որ ըսաւ. «Ապրի՛ք հալէպահայեր, տակաւին հոս ենք եւ հոս պիտի մնանք, Հալէպէն պիտի պաշտպանենք մեր Սուրիական Հայրենիքը, անոր ամբողջականութիւնը եւ Մայր Հայաստանն ու Արցախը մեր բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս դնելով այս ուխտին»։
Աւելի քան 3000 հալէպահայեր, համայնքապետներ, պետական, կրօնական, կուսակցական ներկայացուցիչներ շեշտեցին Արցախի հայութեան արդար պայքարին իրենց զօրակցութիւնը։
Հաւաքին արաբերէն եւ հայերէն հայրենասիրական երգերով իր մասնակցութիւնը բերաւ Մարիա Չիչեան, անոր միացան նաեւ հարիւրաւոր երիտասարդներ եւ իրենց անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնեցին Արցախի մեր հերոսներուն։
Հաւաքը, որ աննախընթաց էր իր տեսակին մէջ որպէս քաղաքական աքթ, վերջ գտաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով։
Վեհան Պարսումեան