“Էրմէնիհապեր”._30 Հոկտեմբերին Թուրքիոյ Իզմիր նահանգի Սեֆերիհիսար շրջանին մէջ 7, 1 ուժգնութեամբ երկրաշարժ տեղի ունեցած է։

Թուրքիոյ աղէտներու եւ արտակարգ իրավիճակներու կառավարման վարչութեան (AFAD) տեղեկացումով` երկրաշարժը գրանցուած է տեղական ժամանակով ժամը 14։51-ի սահմաններու մէջ։

Ստորգետնեայ ցնցումները գրանցուած են ընդերքի 17, 26 քմ խորութեան վրայ։ Երկրաշարժը զգացուած է նաեւ Իզմիրին յարակից շրջաններուն մէջ, Էկեան եւ Մարմարա ծովերուն մէջ, Իսթանպուլի եւ Պուրսայի մէջ։ Նախնական տեղեկութիւններուն համաձայն, 21 շէնք փլուզուած է։ Փլատականերու տակէն դուրս բերուած են Թուրքիոկ 70_է աւելի քաղաքացիներ։ Արձանագրուած է 438 վիրաւոր եւ 12 զոհ։

Երկրաշարժին անմիջապէս յաջորդած է ցունամին։ Ջուրով ողողուած են ափամերձ շրջաններու որոշ փողոցներ։ Կարճ ժամանակ անց տեղի ունեցած է մէկ երկրաշարժ եւս՝ 4․3 ուժգնութեամբ։

Երկրաշարժին հետեւանքով բնակչութեան շրջանը խուճապ յառաջացած է։