ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ 28-էն 30 Հոկտեմբերին Պելճիքայի դաշնային խորհրդարանի պատգամաւոր Ճորճ Թալեման եւ խումբ մը պելճիքացի լրագրողներ այցելեցին Արցախ: Պատուիրակութեան ուղեկցեցան Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի հանրային կապերու պատասխանատու Յարութ Շիրինեան եւ Պելճիքայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախկին ատենապետ Պետրոս Պետրոսեան:

Ճորճ Թալեման առաջին եւրոպացի պատգամաւորներէն է, որ այցելեց Արցախ Ատրպէյճանի կողմէն սանձազերծած պատերազմէն վերջ:
Այցելութեան ընթացքին պելճիքացի պատգամաւորը հանդիպումներ ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին, Արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանին, Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանին եւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Պեգլարեանին հետ:
Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին հետ հանդիպման ընթացքում Թալեման յայտնեց. «Ես իմ հետս Արցախ բերած եմ Արցախի հետ Պելճիքայի ֆրանսախօս բարեկամութեան խումբի անդամներուն, ինչպէս նաեւ պելճիքացի բազմաթիւ գործընկերներու աջակցութիւնը Արցախի ժողովուրդին: Արցախը հերոսաբար կը պաշտպանուի ատրպէյճանական բանակէն, որուն աջակցած են վարձկաններ, ճիհատիստներ եւ Թուրքիոյ Էրտողանի վարչակարգը: Վերջինները մեր երկու ժողովրդավար երկիրներուն համար ընդհանուր թշնամիներ են: Եւրոպան պէտք է ամէն ինչ ընէ հայերուն դէմ ջարդերն ու ռազմական յանցագործութիւնները դադարեցնելու համար»:
Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի վրայ ատրպէյճանական յարձակումներն ու ռմբակոծութիւնները յատկապէս ներգործող էին պատուիրակութեան` հոն գտնուելու ընթացքին: Մասնակիցները ականատես եղան ատրպէճանական բանակի կողմէն գործած ռազմական յանցագործութիւններուն պատճառով մարդկային եւ նիւթական վնասին, յատկապէս Ստեփանակերտի ծննդադատան վրայ անմարդկային եւ կանխամտածուած հրետակոծութենէն վերջ, որ տեղի ունեցաւ պատուիրակութեան` Արցախ ժամանելէն ընդամէնը քանի մը ժամ անց:
Պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ քաղաքացիական անձերուն, որոնք հիւանդանոց տեղափոխուած էին վերջին օրերուն Ստեփանակերտի եւ յարակից շրջաններուն մէջ գտնուող քաղաքացիական տուեալներու վրայ ատրպէյճանական հրետանակոծութեան հետեւանքով:
Ճորճ Թալեման նաեւ առիթ ունեցաւ հանիդիպելու ներքին տեղահանուած հայ ընտանիքներուն հետ, որոնք Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու կողմէն գրաուած գիւղերէն են եւ ներկայիս կ’ապրին Ստեփանակերտի մէջ` թաքնուելով ապաստարաններու մէջ:
Հայաստան վերադառնալու ճանապարհին պատուիրակութիւնը արձանագրեց ատրպէճանական կողմի հրետակոծութենէն Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցիին հասցուած նիւթական վնասը եւ Շուշիի մշակոյթի կեդրոնի լիակատար աւերումը: Անցնելով Հայաստանի սահման` պատուիրակութիւնը հանդիպեցաւ Գորիս քաղաքի մէջ ապաստան գտած արցախցի ընտանիքներուն:
Մեկնաբանելով այցելութիւնը` Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի ներկայացուցիչ Յարութ Շիրինեան յայտնեց. «Մենք շնորհակալալ ենք այս պատուիրակութեան մասնակիցներուն, որոնք վճռականօրէն որոշեցին պատերազմի ժամանակ Արցախ գալ, որպէսզի բարձրաձայնեն Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան սպառնացող օրհասական վտանգին մասին: Այսօր Արցախի հերոսական ժողովուրդը հակահարուած կու տայ թուրք սուլթան Էրտողանի փանթրքական յաւակնութիւններուն եւ Ատրպէյճանի բռնապետ Ալիեւին: Այս պայմաններուն մէջ Արցախի բնակչութեան ֆիզիքական անվտանգութիւնը պաշտպանելու միակ ընդունելի լուծումը Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումն է, որ այլընտրանք չունի»: