«Հորիզոն».-Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Քանատայի խորհրդարանի անդամ, Նոր Դեմոկրատներ ընդդիմադիր կուսակցութեան անդամ Ճէք Հարիս Քանատայի խորհրդարանի արտաքին գործոց եւ միջազգային յարաբերութեանց յանձնաժողովին ներկայացուցած է բանաձեւ մը, որ կը վերաբերի Թուրքիոյ զինուորական սարքերու վաճառքին։
Վերոնշեալ յանձնաժողովը,29 Հոկտեմբերին վաւերացուցած է Ճէք Հարիսի բանաձեւը, ուր յստակօրէն կը նշուի, որ Քանատայի կառավարութիւնը պէտք է յստակ վերահսկողութիւն հաստատէ բոլոր գանատական այն ընկերութիւններուն վրայ, որոնք Թուրքիոյ զինուորական սարքեր կը վաճառեն։
Բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ նման զինուորական սարքերու արտօնագրերու վերաբերող բոլոր թղթածրարները, որոնք վարչապետի գրասենեակին ու Քանատայի Դաշնակցային կառավարութեան խորհրդատուական գրասեանեակի տրամադրութեան ներքոյ կը գտնուին, անհրաժեշտ է որ իրազեկման կարգով տրամադրուին խորհրդարանի արտաքին գործերու եւ միջազգային յարաբերութեանց յանձնաժողովին։