«Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարի` քաղաքական հարցերու տեղակալ Սէյիտ Ապպաս Արաղչին: Այս մասին տեղեկացուց Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը:
Ողջոյններու փոխանակումէն ետք լուսարձակի տակ առնուեցաւ Իրանի համար Հայաստանի հետ ամուր բարեկամական կապերու կարեւորութիւնը: Սէյիտ Ապպաս Արաղչի ներկայացուց Իրանի մօտեցումները տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակը յաղթահարելու ուղղութեամբ` խոր մտահոգութիւն արտայայտելով շարունակուող ռազմական գործողութիւններուն գծով: Արաղչի իր ցաւակցութիւնը յայտնեց խաղաղ բնակիչներու շարքերուն մէջ արձանագրուած զոհերուն համար եւ դատապարտելի նկատեց քաղաքացիական ենթակառուցուածքները եւ բնակավայրերը թիրախ դարձնելը:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին շրջանային անվտանգութեան հարցերուն շուրջ: Երկուստեք անհանգստութիւն արտայայտեցին ռազմական գործողութիւններուն մէջ Միջին Արեւելքէն միջազգային ահաբեկիչներու մասնակցութեան գծով` այս մէկը դիտարկելով իբրեւ ընդլայնման ներուժ պարունակող վտանգ, որ կը սպառնայ ամբողջ տարածաշրջանի անվտանգութեան:
Վարչապետ Փաշինեան բարձր գնահատեց Իրանի հաւասարակշռուած եւ կառուցողական մօտեցումը տարածաշրջանային հարցերուն նկատմամբ: