«Արմէնփրէս».- Ժնեւի մէջ աւարտած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը:
Ժնեւի մէջ Երեւանի ժամանակով ժամը 17:00-ին  ԵԱՀԿ ՄԻՆՍՔԻ խումբի համանախագահներու միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ մեկնարկած էր  ՀՀ ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հանդիպումը Ատրպէյճանի ԱԳ նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ:
Մինչ այդ Մնացականեանը հանդիպած էր ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահներուն եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասպրշչիքին հետ: