Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակը կը յայտնէ, որ ատրպէյճանաարցախեան հակամարտութեան գօտիին մէջ թշնամական ուժերը կիրառած են քիմիական զէնքի տարրեր պարունակող ֆոսֆորային զինատեսակ, ինչ որ որ կը հանդիսանայ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի, սովորութային իրաւունքի օրէնքներու եւ սկզբունքներու, Ժընեւեան համաձայնագիրներու, ինչպէս նաև ՄԱԿ-ի համապատասխան համաձայնագիրներով ու փաստաթուղթերով նախատեսուած դրոյթներու կոպտագոյն խախտում եւ, բացի հայկական ուժերուն վնասներ պատճառելու նպատակ հետապնդելէն, նաեւ պիտի յառաջացնէ մասսայական անտառային հրդեհներ ու տուեալ տարածքին մէջ բնապահպանական աղէտի վտանգներ:
Վերոնշեալ գործողութիւններու արգելքը եւ պաշտպանելի իրաւունքներն ու արժէքները կը գտնուին նախ եւ առաջ սովորութային իրաւունքի տիրոյթին մէջ, իսկ նման զէնքերու օգտագործումը, որոնք կարելիութիւն չեն տար յստակ ձեւով զանազանելու զինուորոկան եւ քաղաքացիական նշանակութեան հաստատութիւնները, միաժամանակ պատճառ կը հանդիսանան բնապահպանական աղէտի ու կարելի մարդկային կորուստներու, կը հանդիսանան պատերազմական յանցագործութիւններ։