Մարդկային մարմինը, երբ սովորականէ դուրս իրավիճակէ մը կ’անցնի, որպէս մէկ ամբողջականութիւն կը դիմադրէ անոր, ու մարդս այդ բոլորը կը զգայ ֆիզիքական ցաւով ու հոգեկան տրամադրութեան փոփոխութիւններով։ Իրավիճակը տարբեր է սակայն իւրաքանչիւրին քով, անհատ առ անհատ։
Մանրէով վարակուած անձ մը, քաղցկեղով ախտորոշուած մը, կամ սովորական հարբուխ ունեցող մը, որքան ալ աստիճանով տարբեր ցաւեր ունենան, անոնց սկզբունքը մէկ է, ատելութիւն իրենց ցաւ պատճառողին՝ հիւանդութեան, շուտով լաւանալու, ապաքինուելու փափաք։
Իրավիճակը տարբեր է սակայն մարզական սրահին մէջ, երբ մարզիկ մը ծանրութիւն կը շալկէ, կամ պարի սրահին մէջ, երբ պարուհին կամ պարողը իր ձախողութիւնները տեսնելով, անդադար նոյն ձեւը կրկնելով կը փորձէ յաջողցնել։ Այս պարագային ցաւէն ազատիլ ուզող չկայ, այստեղ իրենք են այդ ցաւը ուզողը եւ անոր միջոցաւ է որ իրենք պիտի հասնին իրենց նպատակին։ Այդ ցաւը իրենց աւելիին կը մղէ, եւ որքան իրենք յառաջ երթան, այնքան նպատակը իրենցմէ կը հեռանայ, կ’իտէալականանայ։

Կայ նաեւ երրորդ տեսակ մը…

Բնութիւնը իր կանոնները ունի։ Հակադրութիւններու աշխարհ մըն է. առտու-գիշեր, լոյս-մութ, ջուր-կրակ, էգ ու արու։ Ամէն տարր ունի իր պարտականութիւնը եւ օժտուած է այն յատկութիւններով, որոնք կրնան կատարել այդ պարտականութիւնը։
Օրինակ, արեան կարմիր գնդիկ մը իր երկկողմանի գոգաւոր ձեւին շնորհիւ՝ ունակ է թթուածինը կրելու, ու մազերակներու մէջ մխրճուելով, թթուածին տալու բջիջներուն, որքան ալ հեռու գտնուին անոնք։

Երրորդ տեսակի ցաւը այն է, որ անհատը կը զգայ զայն, կ’ուզէ ազատիլ անկէ, բայց մօտ ապագայի ստանալիք իր պարգեւը կը մեղմացնէ ցաւը, կը մոռցնէ։

Պատասխանատուութիւն մը կրելու առաջին նշոյլն է այդ ցաւը, առաջին քայլը երկար ճանապարհի մը։
Ահա թէ վերջին տեսակի ցաւը ինչո՛ւ բնութիւնը տուած է միայն իգական սեռին, որովհետեւ լոկ ան ունակութիւնը ունի այդ բոլորին դիմանալու, մայրութեան իր բնատուր յատկութեան շնորհիւ։

***

6 Հոկտեմբեր 2020

Կէս գիշեր էր, Անգինէն մարմնի ահաւոր ցաւէն արթնցաւ, եւ այդ մէկը կը զգար իր ամբողջ մարմնին վրայ, կարծես մէկը իր դէմը կեցած իր 206 ոսկորները մէկ առ մէկ կը կոտրտէ։ Գզրոցը բացաւ, Փանատոլի երկու դեղահատ միասին կուլ տուաւ ջուրին հետ։
Դեղը իր ազդեցութիւնը տալու ժամանակ կ’ուզէր, եւ ինք այդ ժամանակին դիմանալու՝ յաւելեալ ջանք։ Ճակատը քրտնած՝ մազէն խոյս մը անոր փակած էր, հեռացուց զայն աչքին դիմացէն ու աջ դարձաւ։ Անկողինի երկրորդ բարձին վրայ գլուխ մը չէր հանգստանար այսօր, մինակ էր այդ երկհոգանի մեծ ու շքեղ անկողինին մէջ, բայց մինակ չէր օրեր առաջ։ Լամբը վառեց ու սեղանիկի վրայի դրուած նկարը ձեռքը առաւ։
Նկարներու հաւաքածոյ մըն էր մէկ նկարի մէջ։ Իւրաքանչիւրին տակ թուական գրուած. առաջին տեսակցութիւն, առաջին համբոյր, խոստովանութիւն, նկարներ բնութեան մէջ, ճակատագրերը միաւորելու առաջարկ, նշանախօսութիւն ու պսակ։
Պսակի թուականէն տարի մը տակաւին չէր անցած։ Քանի մը ամիսէն զոյգը իր ամուսնութեան տարեդարձը պիտի տօնէր։
Այդ խճանկարը ամբողջանալուն կը պակսէր մէկ նկար՝ որ պարապ մնացեր էր…

Խոր շունչ մը քաշեց Անգինէն։ Հոգիի ցաւը հիմա կ’իշխէր մարմնի ցաւին վրայ։ Ծածկոցը վերցուց ու ոտքի ելաւ։ Լուացուեցաւ ու ստուգեց եթէ կողքի սենեակը իր մայրը տակաւին կը քնանար։ Ձեռնահեռաձայնը առաւ ու հաղորդագրութիւն(message) մը ղրկեց «Ժիրայր❤ »ին.
«Էս օր նորից քեզ եմ յիշել։ Գիշերները չեմ կարող քնել։ Չգիտեմ, ի՞նքն ա պատճառը, թէ դու, բայց դու պինդ կաց ու առողջ վերադարձիր ինձ, իմ սէր։ Շատ եմ կարօտել ես քեզ»։

Անգինէն եթէ այդ նամակը երեկոյեան կամ առաւօտեան գրելու ըլլար՝ այնքան յուզուած պիտի չըլլար։

Գիշերը, այդ գերբնական զօրութեամբ օժտուած ժամանակը, որ կրնայ մարդուն զինաթափ ընել զգացումներէ։
Ղրկեց հաղորդագրութիւնը, գնաց կրկին անկողին, լամբը չմարած նայեցաւ իր փորին, գիրգով շփեց ու ժպտեցաւ, ծածկուեցաւ ու փորձեց քուն մը առնել։

Անգինէն քանի մը օրէն մայր ըլլալու բախտը պիտի ունենար…

***

Հեղուկը. Ֆիզիքական այն վիճակը, որ զինք ամփոփող մարմնին ձեւը կ’առնէ, ու այդ մարմնին հասած որեւէ մէկ վնաս, կրնայ իր մէջ ամփոփուած ամբողջ պարունակութիւնը պարպել։ Եւ այդ հեղուկը որքան ճնշումով շարժի այդ մարմնին մէջ՝ այնքան արագ դուրս կու գայ մարմնէն անոր վնաս մը հասած ըլլալու պարագային։
Երկիր մոլորակի կանոններէն է այս մէկը, եւ մարդս անոր էակներէն՝ ինք ալ անոր ենթակայ։
Մարդկային սրտի տրոփումը այնքան զօրաւոր պէտք է ըլլայ՝ որ բաւարար ճնշում յառաջացնէ արիւնը մարմնի բոլոր բջիջներուն հասցնելու համար զարկերակներուն միջոցաւ։ Այդ զարկերակները, արիւնը անոնց մէջ վազած ժամանակ, կարողութիւն ունին ընդլայնելու եւ ամփոփուելու շնորհիւ իրենց ճկունութեան, ու վայ թէ անոնց վնաս մը հասնի՝ նամանաւանդ մայր երակներուն, քանի մը վայրկեան բաւարար է, որ մարմնի ամբողջ արիւնը դուրս տան։

30 Հոկտեմբեր 2020

Վնասուած էր այդ մայր երակներէն մէկը՝ ձախ ուսի ենթաանրակային զարկերակը, ու հակառակ շտապ օգնութեան տարուած բոլոր աշխատանքներուն, արիւնը առատօրէն կը շարունակէր դուրս գալ Կարոյի մարմինէն։ Երիտասարդը Կարոյի պաղած ձեռքերը կը փորձէր ջերմացնել, արեան շրջանառութիւնը բարելաւելու համար, մինչ Միքայէլը սեղմած կը մնար վէրքին վրայ։
Առաջին խօսողը ու այս խուճապին վերջ տուողը Կարօն եղաւ.

– Միք,– Միքայէլին նայելով ըսաւ,– հանգստացի, ծաղիկներ նետելու չէին վրէս։ Պատերազմի դաշտ ենք եկել, պտի զարնենք ու զարնվենք։ Ես աւելի լաւ տեղ եմ գնալու, կարօտել եմ հօրս ու եղբօրս։ Ասում են էստեղ, Արցախում, երկինք տանող ճանապարհը աւելի մօտ է։ Էնտեղ չգաք մինչեւ էս շներին չսատկացնէք։

– Քիչ մը արագցո՜ւր,– պոռաց երիտասարդը վարորդի կողմը նայելով։

Կարօն արիւնահոսութեան հիւանդի մը բոլոր ախտանիշերը ունէր, բացի գիտակցութեան կորուստէն։

Արթուն էր։ Կը զգար շուրջը դարձածն ու եղածը, իր զինակիցներուն իրավիճակը, բայց իր ամբողջ մարմինին վրայ դող մը կը զգար ու գիտէր որ երկար դիմանալու չէր։ Սիրտը արագօրէն կը տրոփէր ու շուրթերը կը թրթռային, դէմքը տժգունած էր ու իրանէն վար իր մարմինը չէր զգար։

Յետագայ քննութիւններով փաստուեցաւ, որ Կարոյի ստացած փամփուշտը դիպուկահարի կողմէ արձակուած էր։ Փամփուշտը փշրած էր անրակն ու բացած էր երակը եւ հասած էր ու մխրճուած թոքերուն մէջ։

Երեք հոգի ելեր էր մեքենային ետեւ, եւ այդ մեքենայէն իջան երկու հոգի ու մէկ մարմին, որուն հոգին դարձած էր յիշատակ ու կը սլանար դէպի վեր, դէպի բարձունքները, ուր միշտ երազած էր։ Այդ հոգին կը բարձրանար երկինք՝ տարիներու կապանքներէ ազատելով, կը բարձրանար իր պարտքը կատարած, կը բարձրանար գոհունակութեամբ ու վստահօրէն, որ այնտեղ պիտի գտնէ իր հարազատները։
Ու յանկարծ հոգին իր այդ սրընթաց երթէն կանգ առաւ, զգաց մօր վիճակը եւ պատկերացուց իր տամուկ աչքերը, կարեկցանք մը զգաց, ապա շարունակեց իր ճամբան նոյն թափով։

Ո՛չ, չէր արհամարհած մայրը, բայց գիտէր, որ դեռ այնտեղ՝ երկրի վրայ, առաջնագիծի խրամատին մէջ տակաւին կան մարդիկ, որոնք իր գործը պիտի շարունակեն եւ անոնցմէ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐԸ «Կարօ» մը կրնայ ըլլալ իր մօր համար…

Աստղերն անհամար են։
Աստղեր հաշուել կարելի չէ։
Բայց գիշերը բոլորն ալ գիտէին, որ անոնց համաստեղին աւելցած էր նոր աստղ մը…

Քրիստ Խրոյեան