«Երկիր».-ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբը յայտնած է Greenberg Traurig իրաւաբանական եւ լոպպիստական ընկերութեան կողմէն Թուրքիոյ կառավարութեան հետ կապերը խզելու մասին, որ ամերիկահայ աշխատողներու ճնշման ներքոյ եղած է :
ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախմբը, վկայակոչելով իր աղբիւրը, յայտնած է, որ այս շաբաթ ընկերութիւնը ներքին էլեկտրոնային նամակ ուղարկած է, որուն մէջ յայտնած է, թէ 29 Հոկտեմբերին դադրեցուցած է իր յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ: Ընկերութիւնը հրաժարած է մեկնաբանութիւններէն: Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը նոյնպէս չէ պատասխանած հարցումին: