«Ասպարէզ».- 7 Նոյեմբերին, «Էյ.Փի.», «Ֆաքս Նիուզ», «Էյ.Պի.Սի», «Պի.Պի.Սի.» եւ շարք մը այլ լրատու գործակալութիւններ յայտարարեցին, թէ 2020-ի նախագահական ընտրութիւններուն յաղթանակ կերտեց Դեմոկրատ կուսակցութեան թեկնածու եւ նախկին փոխնախագահ Ճօ Պայտըն, անշրջելի առաւելութիւն մը ապահովելով 20 պատուիրակներ ունեցող Փենսիլվենիոյ մէջ։
Այս յաղթանակով, Պայտընի ընտրական պատուիրակներուն թիւը հասաւ 290-ի, 284-ի կամ 273-ի, ըստ տարբեր հաշուարկներու, ինչ որ բաւարար է նախագահ ընտրուելու։
Պայտըն ապահովեց մօտաւորապէս 75 միլիոն քուէներ, ինչ որ նոր մրցանիշ մըն է երկրին պատմութեան մէջ։
Այս յաղթանակով, Քամալա Հերիս պիտի դառնայ Միացեալ Նահագներու առաջին կին, առաջին սեւամորթ կին եւ առաջին հնդիկ-ամերիկացի փոխնախագահը, որ նաեւ առաջին սերունդի ներգաղթողներու զաւակ է։
Մինչ ներկայ նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը մերժէ ընդունիլ իր պարտութիւնը, Պայտընի համակիրները սկսան տօնել իրենց թեկնածուին յաղթանակը, իսկ Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտօ հանդիսացաւ առաջին ղեկավարը, որ շնորհաւորեց Պայտընի ընտրութիւնը։