Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը դաւաճանած է ժողովուրդին, որ մէկ միասնութիւն դարձած էր Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմի օրերուն, այս մասին Ազատութեան հրապարակի բողոքի ղարժումի ընթացքին ըսաւ «Երկիր Մեդիա» հեռուստաընկերութեան լրատուական եւ քաղաքական ծրագիրներու բաժինի ղեկավար Գեղամ Մանուկեան:

«Անցնող 50 օրերու ընթացքին Արցախի, մեր հայրենիքի անվտանգութեան համար մեր բոլոր համերկրացիները թեւ թեւի տուած էին, մենք դարձած էինք մէկ` մէկ հայութիւն աշխարհի բոլոր անկիւններուն, ամէն մէկս կը հպարտանայինք, կը յուզուէինք, կ’ուրախանայինք, բայց եկաւ ճակատագրական օր մը , մեր ժողովուրդի թիկունքէն հարուածեցին եւ հարուածեց մէկ մարդ, մէկ մարդ հարուածեց մէկ գրիչով, մէկ մարդ դաւաճանեց, ինք կը սիրէր ըսել եւ այդ մէկ մարդը դու ես: Այո՛, այդ մէկ մարդը, դաւաճանած մարդը Նիկոլ Փաշինեանն է», յայտարարեց ան: