Եթէ ճիշդ է որ «բոլորս դաւաճանած ենք» (որ կը զրպարտէ Արայիկ Յարութիւնեանը), «բոլորս» չենք կրնար «հրաժարական տալ», որովհետեւ կը նշանակէ հրաժարիլ Երկրի մէջ ապրելէ (ուրիշ բան չունինք որմէ կրնանք հրաժարիլ) … Բայց, զինեալ ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատարները պէտք է ըլլան ազնիւ ու հրաժարական տան, առիթ տալով ուրիշներուն (թէկուզ իրենց կուսակցութիւններէն)` համախմբելով համազգային ամբողջ ներուժը` կացութիւնը փոխելու:
Զինեալ ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատարները պէտք է ունենան այնքան արժանապատուութիւն, որով իրենց անընդունելի քայլերը արդարացնելու համար` չփորձեն մեղադրել բոլորին ու բոլորիս: Եթէ անկեղծ են որ կը խոնարհին մեր նահատակներուն յիշատակին առջեւ, անոնք այդ խոնարհած ձեւով պէտք է իրենց պաշտօններէն հրաժարին: Գլխակարգութեան յայտարարութիւն/համաձայնագիրը ստորագրած անձը չի կրնար փոխելու ուղղութեամբ աշխատիլ. աւելին` կարելի չէ անոր վստահիլ որ ասկէ վերջ կայանալիք բանակցութիւններուն ինքը կրնայ հայոց ազգային-պետական շահը համարժէք ձեւով ներկայացնել ու պաշտպանել:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան